Հայուն աւանդութիւնը
Աւանդութիւնը սերունդներու ու անոնց միջոցով փոխանցուած ժառանգութիւն է, որ կ՛ընդգրկէ անձին, ընտանիքին, հաւաքականութեան եւ ազգին իւրայատուկ միտքը, կեցուածքը, վարուելակերպն ու, տակաւին, ընկերային եւ կրօնական սովորութիւնները: Աւանդութիւնը այս իմաստով կը դառնայ ապրող կեանք` ներառելով մարդուն, հաւաքականութեան եւ ազգին ամբողջական մշակոյթի գիտակցութիւնը:
«Աւանդութիւն» բառին լատիներէն արմատը` tradere, կը նշանակէ բաժնեկցիլ, պահել եւ փոխանցել վերեւ յիշուած ժառանգութիւնը` ապահովելու համար հաւաքականութեան ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը: Այս իմաստով, աւանդութիւնը կը դառնայ կեանք, որուն պէտք է գուրգուրալ եւ պահել, բայց նոյնքան նաեւ` վերակենսաւորել: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեզ բոլորս կը հրաւիրէ մեր աւանդութիւններու վերակենսաւորման` 2025-ը հռչակելով «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:
Կան աւանդութիւնը պահելու եւ վերակենսաւորելու հայկական հիմեր, ենթահողերը, անոնց պարտադրանքները եւ այս բոլորին մէջէն զայն վերակենսաւորելու կարեւորութիւնը: Իբրեւ հայեր, եթէ սփիւռքը մեծ համեմատութեամբ դասականն էր, բայց վերջին երեսուն տարիներուն անոր վրայ եկաւ աւելնալու հայաստանեանը: Հայուն աւանդութիւնը եւ անոր վերակենսաւորումը վերածուեցաւ «երկսայրի սուր»-ի մը, իսկ հայը` իր դասական եւ հայաստանեան շերտերով, սփիւռքեան իրականութեան մէջ պարտի անոր երկու կողմերը պահել սուր:
Տուպայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, յունուար 2025: Տուպայը օժտուած է օփերայի համար սարքուած շատ գեղեցիկ համերգասրահով մը` կառուցուած արդիական ոճով, ինչպէս` Տուպայի իւրաքանչիւր ենթակառոյց: Ներկայ պիտի գտնուիմ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբի ելոյթին` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի, որուն երաժշտական եւ խմբավարի տաղանդին ու կարողութեան ծանօթ եմ:
Տուպայի օփերայի համերգասրահը իւրաքանչիւր ելոյթէ առաջ ունի հանդիսատեսներուն համար սարքուած հիւրասիրութեան բաժին մը: Փոքր սեղանի մը ետին կանգնած` կը վայելէի այդ պահը, երբ երիտասարդ զոյգ մը մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէն լեզուով խնդրեց, թէ կրնա՞յ բաժնեկցիլ սեղանը ինծի հետ: Սիրով ընդառաջեցի իրենց խնդրանքին, բայց շարունակեցի վայելել իմ հիւրասիրութիւնս` առանց խանգարելու զիրենք: Երիտասարդ զոյգը շատ մեղմ ձայնով սկսաւ զրուցել արեւելահայերէնով: Չուշացաւ հարցումս. «Հա՞յ էք»:
Երիտասարդ զոյգը շատ ուրախացաւ: «Մենք կռահեցինք, որ հայ կրնաս ըլլալ եւ անոր համար համարձակեցանք քեզի մօտենալու», ըսին ինծի:
Երկու հայորդիները մասնագիտութեամբ բժիշկներ են` վկայուած Երեւանի բժշկական համալսարանէն եւ Տուպայ հաստատուած են աշխատանքի բերումով: «Շատ գեղեցիկ քաղաք է, կը սիրենք հոս ապրիլ», ըսին ինծի:
«Դուք` դասական սփիւռքի հայերը, շատ աւելիով կապուած էք հայրենիքին եւ գիտէք` ինչպէ՛ս պահել հայուն արժէքները եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը», ըսաւ երիտասարդ կինը: «Մենք` հայաստանցիներս, երբ դուրս գանք Հայաստանէն եւ հաստատուինք սփիւռք, շատ աւելի արագ կը լուծուինք տեղական պայմաններուն հետ»:
Չզարմացայ երիտասարդ բժշկուհիին նկատողութեան: Բազմաթիւ այցելութիւններուս եւ հանդիպումներուս ընթացքին` սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, նշմարած եմ այս մէկը: Նոյնքան նաեւ տեսած եմ, թէ հայաստանեան եւ դասական սփիւռքի միջեւ հաղորդակցութեան եւ համակեցութեան կապերը որքա՛ն թոյլ են, եւ երբեմն նոյնիսկ չկան: Եթէ դասական սփիւռքը կը մաշի, բայց անոր վրայ կու գայ աւելնալու հայաստանեանը, որ կը լուծուի:
Այս վիճակներուն մէջ հայուն համար եղած է, կայ ու պիտի շարունակէ մնալ հիմնական մեծ ազգային առաքելութիւն մը` պահել ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնը, որ` «Վճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2025):
Հայկական սփիւռքը, գէթ` դասականը, մեծ համեմատութեամբ հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Սփիւռքի տարածքին շինեցինք «պզտիկ Հայաստաններ», որովհետեւ ուզեցինք ապրիլ մեր ինքնութեամբ եւ աւանդութիւններով` առանց անտեսելու տեղականն ու տեղացին:
Հաւաքականութիւններ կ՛ապրին իրենց աւանդութիւններով եւ անոր բաղադրիչ` մշակութային եւ ինքնութեան արժէքներով: Այս կը դառնայ իւրայատուկ իւրաքանչիւրին համար: Վեհափառ հայրապետը կը հիմնաւորէ իր թեզը, երբ կը շեշտէ, որ աւանդութիւնը` «Ժողովուրդին գոյութիւնը կ՛ամրապնդէ», եւ գոյութիւնը պահելով` «Արժէքները, տեսլականները, հաւատքը ու ոգին կը պահէ»:
Աւանդութիւնները, զանոնք պահելն ու փոխանցելը պէտք չէ դիտել միայն ներազգային տեսանկիւնէն, բայց նոյնքան նաեւ` համամարդկային եւ համազգային տեսանկիւնէն: Համաշխարհային քաղաքակրթութիւնն ալ կը հարստանայ այս բազմամշակութային արժէքներով եւ իւրաքանչիւր ազգային աւանդութիւններով: Հայը, որ կը տքնի պահելու ու փոխանցելու իր աւանդութիւնները սերունդէ սերունդ, իր նպաստը կը բերէ համամարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման` բաժնեկցելով իր աւանդութիւնները:
Ներկայ օրերու աշխարհի յառաջխաղացքին մէջ մարդիկ կրնան աւանդութիւնները ժամանակավրէպ նկատել: Վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ, որ սխալ է այս ըմբռնումը, թէ` «Աւանդութիւնը անցեալ է, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներու անյարիր»: Այս մտածողութիւնը ճիշդ չէ: Ժողովուրդ մը կ՛ապրի իր աւանդութիւններով: Աւանդութիւններով ապրիլը չի նշանակեր, թէ պիտի ապրինք կեթոյական դրուածքով: Կարելի չէ համամարդկային կեանքի ու անոր հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ընդունիլ, յարգել եւ գնահատել ուրիշը, երբ մենք մեր ինքնութիւնը չենք գիտեր:
Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22:39):
Եթէ քու անձդ չսիրես, այսինքն ինքնութիւնդ, մշակոյթդ, լեզուդ, հաւատքդ, այսինքն` ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԴ, պիտի չկարենաս տեսնել ուրիշը` «ընկերդ», իր լեզուամշակութային եւ ազգային աւանդութիւններով: Ազգային աւանդութիւնը պահելը, կերտելն ու վերակենսաւորելը պիտի առաջնորդեն համազգային արժէքներու գիտակցութեան: Եթէ հայը այսօր հարկադրուած է բացուելու աշխարհին, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելիով պիտի ամրապնդէ իր աւանդութիւններն ու վերակենսաւորէ զայն աւելի ուժեղ եւ օգտաշատ ձեւով հաղորդակցելու բազմակրօն եւ բազմամշակութային աւանդութիւններով լեցուն համակարգերու հետ:
Աշխարհ այսօր խառնիճաղանճ մթնոլորտի մէջ է: Մարդը կը փնտռէ ու կը փորձէ ստեղծել նոր համակարգեր, նոր արժէքներ, նոր չափանիշներ ու երեւի տակաւին` նոր «աստուածներ»: Հայը պէտք չունի այս խառնիճաղանճ մթնոլորտներուն ստեղծած ու սարքած «նոր»-երը կիրարկելու: Հայը ունի իր ազգային աւանդութիւնը: Ինչպէս վեհափառ հայրապետը կը յորդորէ, պէտք է` «Հաւատարիմ մնալ մեր աւանդութիւններու նկատմամբ»: Աւանդութիւնը «անփոխելի ու անհպելի երեւոյթ չէ» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ 2025): Եթէ պիտի բարեփոխենք եւ պատշաճեցնենք մեր աւանդութիւնը ներկայ օրերու աշխարհի սլացքին հետ, եւ պէ՛տք է որ ընենք, պարտինք փոխել «կեղեւը», բայց` պահել «միջուկը» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2025):
Իսկ միջո՞ւկը:
Հայն է: Հայուն ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, հաւատքը, աւանդութիւնը: Հայուն աւանդութիւնը հայը ապրեցնողն է: Հայուն աւանդութիւնը հայուն «ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, իրաւունքները եւ պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներն է» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2025):
Հայը իր աւանդութեամբ է, որ կը դառնայ ազգային: Հայը իր աւանդութեան մէջէն ու անոր միջոցով է, որ լաւապէս կրնայ մտնել համազգային ու համամարդկային իրավիճակներուն մէջ:
Պիտի պահենք ազգայինը: Ազգայինը պահելով` կրնանք կերտել նաեւ համազգայինը եւ մտնել համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ:
Ազգայինը-համազգայինի կամրջող օղակը: Հայուն աւանդութիւնն է:
Հայը պիտի պահէ իր աւանդութիւնը: Բայց անպայմանօրէն պիտի վերակենսաւորէ զայն:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ
Յունուար 2025
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ