Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատակիցները պարբերաբար կ՛այցելեն Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն
Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները 4 Փետրուարին հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Ազգային ժողովը՝ նշելով, որ հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի անդամներ Տիգրան Պարսիլեան եւ Մարինա Ղազարեան:
«Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէից ակնկալում ենք միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերին (չափանիշներուն) համապատասխան` այսուհետ եւս ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները գերիների ու պահուող այլ անձանց անվտանգութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներում», ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահ Ռուստամ Բաքոյեան Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավար Տաֆնէ Մարէի հետ զրոյցին ընթացքին:
Յայտարարուեցաւ, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները պարբերաբար կ՛այցելեն Պաքուի մէջ պահուող մեր հայրենակիցներուն:
«Իմ կարծիքով` ձեր կազմակերպութիւնը, լինելով չէզոք եւ անկախ միջնորդ, պահպանելով նաեւ գաղտնիութիւնը, Ադրբեջանի իշխանութիւնների հետ շփումների ու տեղեկատուութեան փոխանակման կարիք ունի», ըսաւ Բաքոյեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի կողմէ տրուող պարբերական այցելութիւններուն, մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերու դատավարութիւններուն եւ մարդասիրական բնոյթի այլ խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ