Զելենսքի պատրաստ է Փութինի հետ դէմ առ դէմ բանակցելու
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ նոյն սեղանին շուրջ բանակցութիւններու մասնակցելու: Ան այս մասին յայտնած է բրիտանացի լրագրող Փիրս Մորընի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Եթէ ասիկա միակ տարբերակն է, որով մենք կրնանք Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն խաղաղութիւն բերել եւ չկորսնցնել մարդիկ, ապա մենք, անշուշտ, պիտի դիմենք հանդիպումի այս տարբերակին:
«Կարեւոր չէ, թէ ես ինչպէ՛ս կը վերաբերիմ անոր. ես անոր հետ բարի պիտի չըլլամ: Ես զինք թշնամի կը նկատեմ, եւ, ճիշդը, կը կարծեմ, որ ան զիս եւս թշնամի կը նկատէ», ըսած է Զելենսքի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած է, որ պատրաստ չէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:
Ան Զելենսքին կոչած է «ոչ օրինական»` հասկցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ իշխանութեան օրինական մարմին կը նկատէ միայն Գերագոյն Ռատան` խորհրդարանը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ