Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
GREGORIO ALLEGRI (ca.1582/89-1652): "Miserere"
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
++ Negoziatore russo, 'continueremo colloqui con Usa su Ucraina

Ռուսիան եւ Ուքրանիան համաձայնութիւն գոյացուցին սեւ ծովուն մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ ուքրանացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ համաձայնած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ապագայ զինադադարի Թուրքիոյ նման «երրորդ կողմերու» հսկողութեան կարելիութեան շուրջ:

Ռուսիան եւ Ուքրանիան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ 24 մարտին շուրջ 12 ժամ տեւած բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնած են նաւագնացութիւնը ապահովելու համար Սեւ ծովուն մէջ զինադադար հաստատելու: Կողմերը համաձայնած են ապահովելու քաղաքային նաւերու անվտանգութիւնը, դադրեցնելու բռնութիւնը եւ կանխարգիլելու առեւտրական նաւերու զինուորական նպատակներով օգտագործումը:

Ուաշինկթըն պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը պատերազմական գերիներու փոխանակման եւ քաղաքայիններու ազատ արձակման հարցերուն մէջ:

Կողմերը նաեւ քայլեր կը նախապատրաստեն ռուսական եւ ուքրանական ուժանիւթային ենթակառոյցներու ուղղութեամբ յարձակումները արգիլող համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու համար:

Քրեմլին. «Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն 30-Օրեայ
Զինադադարի Գործադրման Համար Քայլեր Պիտի Մշակեն»

Քրեմլին յայտարարեց, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն «քայլեր» պիտի մշակեն` գործադրելու համար 30-օրեայ զինադադար մը` դադրեցնելու համար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ ուժանիւթի կառոյցներուն դէմ հարուածները:

Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները համաձայնեցան քայլեր մշակելու` գործադրելու համար երկու երկիրներու նախագահներուն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ ուժանիւթի կառոյցներուն վրայ յարձակումները 30 օրով արգիլող համաձայնութիւնները»:

Քրեմլին աւելցուց, որ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ Սեւ ծովուն մէջ զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւնը ուժի մէջ պիտի մտնէ միայն ռուսական հացահատիկներու եւ պարարտանիւթի արտածումներու վրայ արեւմտեան սահմանափակումներու «չեղեալ նկատուելէն» ետք:

Քրեմլին նշեց, որ «պատժամիջոցներու ջնջում» կը նախատեսէ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք հաստատուած են հողագործութեան ոլորտի ռուսական մեծ դրամատան` «Ռոսլխոզպանք»-ի եւ «սննդեղէնի եւ պարարտանիւթերու կարգ մը արտադրողներու եւ արտածողներու» դէմ, ինչպէս նաեւ այն պատժամիջոցներուն, որոնք հաստատուած են «բեռներու ապահովագրութեան ընկերութիւններու» դէմ:

Սպիտակ Տունը Պիտի Սկսի Վերցնել Ռուսիոյ Դէմ
Հաստատուած Հողագործութեան Ոլորտի Պատժամիջոցները

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան երեքշաբթի օր Սէուտական Արաբիոյ մէջ անջատ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնած են դադրեցնել Սեւ ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումները:

Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարեց, որ երկու երկիրները համաձայնած են «երաշխաւորել նաւարկումի անվտանգութիւնը, ետ կանգնիլ ուժի կիրարկումէն եւ խուսափիլ Սեւ ծովուն մէջ առեւտրական նաւերու զինուորական նպատակներով օգտագործումէն»:

Սպիտակ տունը նշեց, որ Ռուսիան նաեւ պիտի դադրեցնէ Սեւ ծովուն մէջ իր թշնամական արարքները, եւ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի սկսի վերցնել Ռուսիոյ հողագործութեան ոլորտին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Ամերիկան Ռուսիոյ պիտի օգնէ հողագործական եւ պարարտանիւթերու արտածումներու միջազգային շուկայ հասնելու եւ ծովային ապահովագրութեան գիներու նուազեցման: Ամերիկան նաեւ Ռուսիոյ պիտի օգնէ հասնելու այդ գործողութիւններուն համար նաւահանգիստներ եւ գումարներու վճարման համակարգեր:

Զելենսքի Դէմ Է Ռուսիոյ Դէմ Հաստատուած
Պատժամիջոցներու Մեղմացման

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ ուքրանացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ համաձայնած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ապագայ զինադադարի Թուրքիոյ նման «երրորդ կողմերու» հսկողութեան կարելիութեան շուրջ:

«Ասիկա վատ բան չէ, օրինակ` կրնայ Եւրոպայէն կողմ մը կամ Թուրքիան մասնակցիլ ծովու կացութեան, եւ թերեւս Միջին Արեւելքէն կողմ մը` ուժանիւթի ոլորտին», ըսաւ Զելենսքի:

Ան յայտնեց, որ հակառակ Ռուսիոյ չվստահելուն, «ամերիկեան-ուքրանական ժողովի համաձայնութիւնները գործադրելու մեր պարտաւորութիւնը պիտի կատարենք»` յոյս յայտնելով, որ Սեւ ծովուն մէջ զինադադարի գործադրութիւնը անմիջապէս կը սկսի:

Զելենսքի քննադատեց Ուաշինկթընի` Ռուսիոյ հողագործական արտադրութիւններու միջազգային շուկայ հասնելուն օգնելու որոշումը` նշելով. «Կը կարծենք, որ ատիկա կը տկարացնէ մեր դիրքը եւ կը տկարացնէ պատժամիջոցները, եւ մեր կարծիքով, տակաւին այդ հարցի մանրամասնութիւնները չենք գիտեր»:

Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը գովող եւ Ռուսիոյ ուքրանական կարգ մը շրջաններու կցումը օրինականացնող թուացող յայտարարութիւնը:

«Ոմանց եւ նշած անձիս հրապարակած շատ մը տեղեկութիւններ ամբողջովին չեն համապատասխաներ Քրեմլինի պատգամներուն», ըսաւ ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 07:55
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031