Պելժիոյ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները Վենետիկ այցելեցին
Պելժիոյ «Նարեկ» հայկական կրթամշակութային միութեան եւ Վենետիկի Քա’ Ֆոսքարի (Ժհ’Վճմժհիս) համալսարանի հետ համագործակցութեամբ, առաջին անգամ իրագործուած է հայագիտական կրթական ծրագիր մը՝ «Հայկական հետքը Վենետիկի մէջ» խորագրով։
Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) Նախարարութեան կողմէ նախորդ տարուան ամռան կազմակերպուած Համահայկական կրթական 11-րդ խորհրդաժողովին կայացած համաձայնութեան շնորհիւ։
Ծրագրի շրջանակին մէջ Պելժիոյ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները բացառիկ առիթ ունեցած են ծանօթանալու Վենետիկի հայկական հարուստ ժառանգութեան։ Անոնք այցելած են Սուրբ Ղազար կղզի՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ Վենետիկի Քա’Ֆոսքարի համալսարան։
“Այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ մեծ նշանակութիւն ունի սփիւռքի հայ երախաները հայկական ժառանգութեան ծանօթացնելու առումով։ Ան նպատակ ունի նոր կամուրջներ ստեղծել՝ ամրապնդելով հայապահպանութեան եւ կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը եւրոպական առաջատար կրթական հաստատութիւններու հետ»,– նշած է «Նարեկ» հայկական կրթամշակութային միութեան նախագահ Արտակ Ժամհարեան։
Վենետիկի Քա’ Ֆոսքարի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է «Հայերու Վենետիկը» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն մը, անդրադառնալով հայերու դերակատարութեան՝ Վենետիկի զարգացման եւ բարգաւաճման մէջ։
“Մենք մեծապէս կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնը։ Դարեր շարունակ Վենետիկը եղած է հայկական մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը եւ նման ծրագրերը բացառիկ կարելիութիւն կ'ընձեռեն նոր սերունդներուն ծանօթացնելու մեր պատմութեան եւ մշակոյթի կարեւորագոյն էջերը»,– ընդգծած է դասախօս Սոնա Յարութիւնեան։
Նշենք, որ Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի ու Մարզանքի Նախարարութեան «Օտար պետութիւններու մէջ հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդում» ծրագրի ծիրէն ներս, Քա՛Ֆոսքարի համալսարանին մէջ Հայաստանի պետական գանձատրումով կ'իրականանան հայագիտական դասընթացքներ եւ հետազօտական ծրագրեր։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ