Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
2024.07.22 European Union Armenia flags

Ազգային Ժողովը ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի օրինագիծը

Ասիկա Հայաստանի պատմութեան մէջ թերեւս ամէնէն կարճ օրինագիծն է. անիկա բաղկացած է 25 բառերէ կազմուած միայն մէկ նախադասութենէ. օրէնքը խորհրդարանին մէջ ծայրէ ծայր կարդաց Եւրոպական համարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան:

26 Մարտին, Հայաստանի Ազգային ժողովը մեծամասնութեամբ՝ 64 թեր եւ 7 դէմ քուէներով ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին օրինագիծը:

Ասիկա Հայաստանի պատմութեան մէջ թերեւս ամէնէն կարճ օրինագիծն է. անիկա բաղկացած է 25 բառերէ կազմուած միայն մէկ նախադասութենէ. օրէնքը խորհրդարանին մէջ ծայրէ ծայր կարդաց Եւրոպական համարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, նպատակ ունենալով զարգացնել ժողովրդավարական ինստիտուտները (հիմնարկները, կառոյցները), բարձրացնել հասարակութեան բարեկեցութիւնը, ամրապնդել երկրի անվտանգութիւնը, դիմակայութիւնը եւ իրաւունքի գերակայութիւնը, յայտարարում է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական միութեանը անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը», կարդաց Եղոյեան:

Նախագիծը Ազգային ժողով բերած էր «Եւրաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը, մինչ այդ անոնք հաւաքած էին ստորագրութիւններ, որպէսզի կարենան օրէնքը խորհրդարանի քննարկման դնել:

Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեան յայտնեց, որ ստորագրութիւնները հաւաքուած են շատ արագ` սահմանուած ժամկէտի կիսուն արդէն պէտք եղած ստորագրութիւններէն կրկնակին հաւաքուած էր:  

Առաջինէն երկրորդ ընթերցումին ընթացքին նախագիծէն վերցուեցաւ «արտայայտելով ժողովրդի կամքը» արտայայտութիւնը. Եղոյեան բացատրեց, որ կառավարութիւնը նկատած էր զայն, բայց չեն կրնար այս բառերը ձգել նախագիծին մէջ,  որովհետեւ այդ հարցով հանրաքուէ չէ կատարուած։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ քուէարկութեան պիտի չմասնակցի եւ քննադատեց նախագիծը եւ գործընթացը նկատեց իշխող մեծամասնութեան արկածախնդրութիւնը, իսկ բուն օրինագիծը` բաժակաճառ:

«Սա օրէնք չի, օրէնքի ծաղր է, օրէնքը, երբ որ Ազգային ժողովն ընդունում է, վաւերացնում է, օրէնքը պարտադիր է կատարման: Բայց հիմա եթէ այս օրէնքն ընդունուի, որով յայտարարւում է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական միութեանը անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին, ես առաւօտից-գիշեր էս ամբիոնից խօսեմ, որ ես դէմ եմ Եւրամիութեան անդամակցութեանը, Եւրամիութեան անդամակցութիւնը յանցագործութիւն է, մէկն ինձ չի կարող պատասխանատուութեան ենթարկել», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան իր կարգին քննադատեց «Հայաստան» խմբակցութեան` քուէարկութեան չմասնակցիլը: «Բոլոր այն դէպքերում, որտեղ Հայաստանի Հանրապետութիւնը փորձ է անում դիւերսիֆիկացնել (այլազանեցնել) իր քաղաքականութիւնն ու ամրապնդել իր անվտանգութիւնը, դուք, բնականաբար, գնում էք հին, կոտրած տաշտակի առջեւ կանգնելու ճանապարհով», նշեց ան:

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ այս օրէնքի ընդունումը չ՛ենթադրեր, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով յառաջիկային հանրաքուէ պիտի կատարուի, Եւրոպական Միութեան անդամութեան թեկնածու դառնալու գործընթացին Հայաստան տակաւին չէ նախաձեռնած, այդ պատճառով այլ ընթացակարգեր նախատեսուած են:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը շեշտեց, որ թէեւ օրինագիծը համահունչ է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման ծրագիրին եւ Հայաստանի որդեգրած` հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան, անիկա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յայտ չէ: «Օրինագիծն ինքնին չի հանդիսանում Եւրամիութեանը Հայաստանի անդամակցութեան յայտ, այնուամենայնիւ, այն հաղորդում է Եւրամիութեան հետ գործընկերութեան գոյացումը նոր մակարդակի հասցնելու ցանկութիւն ունեցող Հայաստանի քաղաքացիների ձգտումն ու համահունչ է բալանսաւորուած (հաւասարակշռուած) ու բալանսաւորման (հարասարակշռութեան երթալու) արտաքին քաղաքականութեանը», ընդգծեց Յովհաննիսեան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 08:05
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031