Պէյրութի մէջ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ծանօթացան Antoine համալսարանի կրթական ծրագիրներուն
Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի BT3 աշակերտները, օրերս, յատուկ դասախօսութեամբ մը ծանօթացած են Antonine համալսարանի կրթական ծրագիրներուն։ Նշենք, որ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը կը գործէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին կից, եւ որուն արդիւնքները միշտ ցուցանիշ եղած են անոր կազմակերպուած, ծրագրուած ու որակաւոր գործունէութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մասին տեղեկութիւն մը՝ քաղուած Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն:
Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի BT3 աշակերտները ծանօթացան Antonine համալսարանի կրթական ծրագիրներուն, արեւելումի դասախօսութեան մը ընթացքին զոր ներկայացուց ըիկ. Ռիթա Թաննուս, Մեսրոպեանի Արեւելումի եւ գործի գրասենեակին հրաւէրով։
Տիկ. Թաննուս աշակերտներուն տրամադրեց հիմնաւոր բացատրութիւններ եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ այն մասնագիտութիւններուն մասին, զորս կրնան ընտրել շարունակելու համար իրենց կրթական ուղին՝ որպէս արուեստից վարժարանի շրջանաւարտներ իրենց համապատասխան մասնագիտութիւններով, ինչպէս նաեւ արձանագրութեան պայմանները եւ համալսարանական կեանքը նշեալ համալսարանին մէջ։
Հետաքրքրութեամբ հետեւելով ներկայացման, աշակերտները դասախօսութեան աւարտին մօտեցան Տիկ. Թաննուսին՝ անոր հարցնելու իրենց անձնական հարցումները՝ մեկնելով իրենց հետաքրքրութիւններէն եւ նախասիրութիւններէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ