Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Ֆրանսերէն Ռատիօ ժամ (Ուղիղ եթեր)
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Aftermath of a strong earthquake, in Mandalay

ԵՈՒՆԻՍԵՖ/ՄԻԱՆՄԱՐ․ Միլիոնաւոր մանուկներ լուրջ վտանգի տակ են Երկրի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր երկրաշարժէն ետք

Որպէս նախնական քայլ՝ ԵՈՒՆԻՍԵՖը համակարգած է 80 թոն առաջին օգնութեան պարագաներ: Մինչ երկրաշարժը Միանմարի մէջ արդեն իսկ աւելի քան 6,5 միլիոն երեխաներ օգնութեան կարիք ունէին. տեղահանուածներէն երեքէն մին երեխայ է։ ԵՈՒՆԻՍԵՖի անձնակազմը ներկայ է առաւել տուժած տարածքներու մէջ՝ կարիքները գնահատելու եւ շտապ օգնութիւն ցուցաբերելու համար
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Միլիոնաւոր մանուկներ վտանգի տակ կը գտնուին անցեալ 28 Մարտին Միանմարի մէջ տեղի ունեցած 7,7 ուժգնութեամբ աւերիչ երկրաշարժէն ետք, որու պատճառաւ Երկիրի մէջ առ աւելիով կը սրուի առանց այդ ալ սարսափելի մարդասիրական իրավիճակը:

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖի տուեալներուն՝ երեխաներու եւ ընտանիքներու կարիքները ժամ առ ժամ կ’աւելանան, եւ յետ ցնցումները կը շարունակուին։ Կազմակերպութիւնը կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան շտապ արձագանքել անոնց կեանքը փրկելու ջանքերուն։

«Այս երկրաշարժը յաւելեալ դաժան հարուած էր Միանմարի մանուկներուն, որոնցմէ շատերն արդեն իսկ կ’ապրէին հակամարտութիւններու, տեղահանութեան եւ զրկանքներու մէջ», կը նշէ ԵՈՒՆԻՍԵՖի Ընդհանուր Տնօրէն Քեթրին Ռասսելը: «Քանի մը վայրկեանի ընթացքին անոնք կորսնցուցած են հարազատներ, տուներ եւ հասանելիութիւնը հիմնական ծառայութիւններուն»: Շատ ընտանիքներ այժմ աւելի մեծ դժուարութիւններու կը բախուին՝ մաքուր ջուրի, առողջապահութեան եւ ապաստանի հասանելիութեան սահմանափակման պատճառաւ:

Ըստ ժամանակաւոր պաշտօնական տուեալներուն՝ զոհուած է աւելի քան 1700 մարդ, վիրաւորուած՝ աւելի քան 3400-ը, որոնցմէ շատերը երեխաներ են։ Զոհերու թիւը դժբախտաբար աճի մէջ է, քանի որ որոնողափրկարարական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

ԵՈՒՆԻՍԵՖի անձնակազմը ներկայ է առաւել տուժած տարածքներու մէջ՝ աշխատելով գործընկերներու եւ տեղացի փրկարարներու հետ՝ կարիքները գնահատելու եւ շտապ օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Այս սկզբնական փուլի ընթացքին՝ կազմակերպութիւնը համակարգած է 80 թոն առաջին անհրաժեշտութեան իրեր, անոնց շարքին՝ առողջապահական փաթեթներ, բժշկական պարագաներ, վրաններ եւ մաքրութեան պարագաներ:

Միանմարի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը ամենաբարդն էր աշխարհի մէջ երկրաշարժէն առաջ անգամ՝ աւելի քան 6,5 միլիոն երեխաներ օգնութեան կարիք ունէին եւ տեղահանուածներէն մէկ երրորդը մանուկներ են։

Եանկոնի Արքեպիսկոպոսի կոչը

Եանկոնի Արքեպիսկոպոս եւ Միանմարի Կաթողէ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Չարլզ Մաունկ Պոն, որ երկրաշարժի ատեն կը գտնուէր առաւել տուժած վայրի մէջ, նկարագրած է սարսափելի աւերածութիւնները եւ անվտանգութեան նկատառումներով փախուստի դիմած բնակչութեան ճգնաժամային իրավիճակը եւ խոր վիշտ յայտնած աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով հազարաւոր մահերու, անհետ կորածներու եւ բազմաթիւ շէնքերու աւերածութեան համար:

Ծիրանաւորը մարդասիրական աջակցութեան հրատապ կոչ ըրած է՝ ընդգծելով տուժած բնակչութեանն անարգել հասանելիութեան եւ հակամարտող խմբերու միջեւ հրադադարի անհրաժեշտութիւնը։ Եկեղեցին եւ կրօնական խումբերը օգնութեան տրամադրման լաւագոյն ուղիներն են, ուստի Կարդինալ Պոն գործի դրած է «Միանմարի երկրաշարժի արձագանքման Եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւն» ծրագիրը եւ Եկեղեցւոյ եւ Քարիթասի ներկայացուցիչներու հետ ժողով գումարած է՝ առաւել տուժած շրջաններու մէջ օգնութիւնը համակարգելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2025, 11:55
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031