Հայ դպրոցը՝ հայակերտումի եւ մարդակերտումի հիմք
Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կունենամ՝կուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։ Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Էսաեան վարժարանը՝ երբ առիթը ունեցայ այցելել Երեքշաբթի 24 Մարտի, 2025 ին՝ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ.Տ ամատեանի։ 1895 թուականի հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ շնորհիւ անոր ետին ամուր կերպով կանգնած խնամակալ մարմինները բայց նաեւ տնօրէնուհին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչները։
Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները շատ...։ Եւ սփիւռքեան որ՞ մէկ գաղութի մէջ չկան այդ բոլոր ազգային մեր կեանքերուն դժուարութիւնները...։ Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրները եւ կը գտնէ ելքը շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը։ Էսայեան վարժարանը մէկ լաւագոյն ապրող օրինակներէն է ուր հայուն առաքելութիւնը՝իմա նուիրական ծառայութիւնը՝ կենդանի է։ Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը՝ իր աշխուժ տեսլականով։
Եթէ հանդիպեցայ տնօրէնուհիին ու ուսուցչակացմի անդամներուն հետ՝ բայց նաեւ շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները։ Չեմ գիտեր եթէ պատահականութիւն էր թէ այլ՝բայց ներկայ եղայ դասարաններուն մէկուն «կրօնքի եւ բարոյագիտութեան» դասապահին։ Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը անոր։ Խօսեցանք միասին Աստուածաշունչի կարեւորութեանը վրայով՝ ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը՝որպէս հիմք Քրիստոնէական մեր հաւատքին եւ մեր պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեանը համար։ Եթէ հայակերտումը շատ կարեւոր է բայց նոյնքան նաեւ մարդակերտումը՝ իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբը։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տենչա Չընար, միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եէշիլթէփէ եւ ուսուցչակազմ՝ Առփէն Չինար, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Քալայլի՝ կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Եթէ շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք իրենց ծառայութիւններուն համար բայց նաեւ կուզենք ըսել...։
«Ձեր վարձքը կատար...»։
Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի երբ կրնանք հայ նոր սերունդը կերտել՝ Հայ եւ Մարդ։
Եւ հայ դպրոցը հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամուր հիմքն է՝ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեանը գործընթացքին մէջ։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ