Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն ժամերգութիւն
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Պոլսոյ Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ՝ Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց Պոլսոյ Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ՝ Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց 

Պոլսոյ Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ՝ Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց

19 Մարտ Չորեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ Բանաւոր պատմութեան աշխատանոցը, որ կազմակերպուած էր հայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող «Բանաւոր» նախաձեռնութեան կողմէ։

Պոլսոյ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած են հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցած է հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուած են հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր։

19 Մարտ Չորեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ Բանաւոր պատմութեան աշխատանոցը, որ կազմակերպուած էր հայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող «Բանաւոր» նախաձեռնութեան կողմէ։

Աշխատանոցը սկսաւ բանաւոր պատմութեան եւ անոր կարեւորութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով։ Սաները լսեցին տարբեր օրինակներ, որոնք ցոյց կու տային, թէ ինչպէս բանաւոր պատմութիւնը կ'օգտագործուի անհատական ու համայնքային յիշողութիւնները պահելու եւ փոխանցելու համար։ 

Աշխատանոցի ընթացքին, աշակերտները ո՛չ միայն ծանօթացան բանաւոր պատմութեան եւ արձանագրութեան հիմնական մեթոտներուն, այլեւ գործնական վարժութիւններ կատարեցին։ Անոնք սորվեցան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հարցազրոյց վարել, ի՛նչ հարցեր ուղղել, ինչպէս պահպանել տեղեկութիւններու իսկութիւնը եւ ինչպէս օգտագործել ձայնագրութեան ու գրառման տարբեր ձեւեր՝ պատմութիւնները արձանագրելու համար։

Աշակերտները նաեւ հրաւիրուած էին բաժնելու իրենց անձնական կամ ընտանեկան յիշողութիւնները, ինչը հնարաւորութիւն տուաւ գործնականօրէն կիրառել իրենց սորված հմտութիւնները։

Աշխատանոցը եզրափակուեցաւ քննարկումով, ուր մասնակիցները արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները, հարցեր ուղղեցին եւ խօսեցան, թէ ինչպէս կրնան իրենց շրջապատէն նոր պատմութիւններ հաւաքել եւ անոնք պահպանելու ուղիներ գտնել։ Այս նախաձեռնութիւնը կ'ապահովէ, որ հայ մշակութային ժառանգութիւնը մնայ կենդանի եւ փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2025, 07:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031