Փարիզի մէջ Եւրոպական ռատիօներու գագաթնաժողով։ Ներկայ է նաեւ Վատիկանի Ռատիոկայանը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
3էն, 4 ապրիլին, Փարիզի մէջ կը գումարուի Եւրոպական ռատիոկայաններու միութեան ընդհանուր ժողովը, մասնակցութեամբ Եւրոպական երկիրներու 31 ներկայացուցիչներուն։ Ժողովին պիտի քննարկուի Հին ցամաքամասին մէջ հանրային ռատիոկայանի գլխաւոր մարտահրաւէրները։ Ֆրանսայի Ռատիոկայանի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումին կը մասնակցի նաեւ Վատիկանի Ռատիոկայանը, յանձինս Վատիկանի լրատուամիջոցներուն խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն, Ալէսանտրօ Ժիզոթթի։
Այս տարուան հանդիպումը պիտի կեդրոնանայ կարեւոր ժամանակակից հարցերու վրայ, ինչպէս արհեստական բանականութեան օգտագործումը, նոր ունկնդիրներ ունենալու ռազմավարութիւնները։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերուի Connected Car Playbook ծրագիրին եւ երաժշտութեան իրաւունքներուն շուրջ բանակցութիւններուն։ Հանդիպումին տեղի պիտի ունենայ նաեւ EBU ի Ռատիոֆոնիք կոմիտէի ընտրութիւնը՝ 2025-2027 երկամեայ ժամանակահատուածին
Փարիզի Ռատիոյի վեհաժողովին մասնակցութիւնը նպատակ ունի ընդգծել Վատիկանի Ռատիոկայանի դերը, որակեալ բովանդակութեան խթանման եւ նոր արհեստավարժութիւններուն զարգացման ուշադրութիւն դարձնելու գործին մէջ համաձայն EBU ի առաքելութեան՝ նպաստելու համար հանրային հեռարձակման ծառայութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ