Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Inizio - Solomon Oratorio in 3 atti HWV 67, per soli, coro e orchestra
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2025.04.01 Cerimonia ed evento dedicati al 102° anniversario della morte di Tumanyan

Թիֆլիսի մէջ. Թումանեանի մահուան 102-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն եւ ձեռնարկ

Կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ Կիրակոս քահանայ Սիմոնեան, ամփոփելով ձեռնարկը, յիշատակած է Ցեղասպանութեան օրերուն Թումանեանի աշխուժ մասնակցութիւնը գաղթականներու օգնութեան, այդպէսով դառնալով բոլոր որբ երեխաներու համար իսկական «Հայրիկ»:

Մարտ 23-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեանի օրհնութեամբ, Յովհ. Թումանեանի մահուան 102-րդ տարելիցին առիթով, Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է բանաստեղծին հոգիին խաղաղութեան համար: Թիֆլիսահայ մտաւորականներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, դպրոցականներ ծաղիկներ զետեղած են Թումանեանի շիրիմին:

Այնուհետեւ, Վիրահայոց թեմի «Յովհ. Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի ձեռնարկ մը պատրաստուած՝ Թիֆլիսի հայկական եւ վրացական դպրոցներու աշակերտներուն կողմէ, որոնք  ներկայացուցած են Ազգային մեծ բանաստեղծին գործերը՝ արտասանելով հայերէն, վրացերէն եւ անգլերէն:

Կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ Կիրակոս քահանայ Սիմոնեան, ամփոփելով ձեռնարկը, յիշատակած է Ցեղասպանութեան օրերուն Թումանեանի աշխուժ մասնակցութիւնը գաղթականներու օգնութեան, այդպէսով դառնալով բոլոր որբ երեխաներու համար իսկական «Հայրիկ»:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2025, 07:23
Prev
July 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  
Next
August 2025
SuMoTuWeThFrSa
     12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31