Հալէպի մէջ. Հայ հոգեւոր պետերու հերթական հանդիպում Աւետարանական յարկի ներքոյ
Երեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, համայնքապետարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց հայ համայնքապետեր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին համայնքապետերը հակիրճ կերպով անդրադարձան օրակարգային նիւթերու, արծարծեցին երկրի մէջ տիրող իրավիճակն ու ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները։ Հանդիպումի աւարտին հոգեւոր պետերը բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ խաղաղութիւն, սէր, միութիւն եւ համերաշխութիւն մաղթեցին ողջ աշխարհին։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ