Նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք. «Լուծումը զինուորական չէ, այլ դիւանագիտական, եւ չենք կրնար երկու զէնքերով եւ երկու բանակով շարունակել» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Ռայի պատրիարքը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ես զինադադարի միակողմանի խախտումներուն դէմ եմ: Աշխատանքը դիւանագիտական է: Լուծումը զինուորական չէ, այլ դիւանագիտական, չենք կրնար երկու զէնքերով եւ երկու բանակով շարունակել»:
«Ընդհանուր հարցերու մասին խօսեցանք եւ չանդրադարձանք կարգ մը լիբանանեան գիւղերու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու հարցին», նշեց պատրիարքը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
03/04/2025, 09:27