Եւրոպական Խորհրդարանը այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին վերաբերեալ քննարկում պիտի կատարէ
Եւրոպական յանձնաժողովին անունով յայտարարութիւն պիտի կատարէ յանձնակատար Օլիվըր Վարհելին:
Եւրոպական խորհրդարանի Սթրազպուրկի մէջ այսօր տեղի ունենալիք լիագումար նիստի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած քննարկում տեղի պիտի ունենայ: Այս մասին հաղորդեց Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը:
Եւրոպական յանձնաժողովին անունով յայտարարութիւն պիտի կատարէ յանձնակատար Օլիվըր Վարհելին:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
03/04/2025, 08:32