Որոնել

FRANCE MEDIA RSF PRESS FREEDOM

Մամուլի ազատութեան ցուցակին մէջ Հայաստանը տարածաշրջանի առաջատար

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ թէեւ Հայաստանի մէջ առկայ է բազմակարծութեան միջավայր, սակայն լրատուամիջոցները կը շարունակեն բեւեռացուած մնալ, եւ երկիրը կը բախի ապատեղեկատւութեան եւ ատելութեան խօսքի աննախադէպ մակարդակի՝ առաւելապէս պայմանաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններով:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Մամուլի ազատութեան ցուցանիշ 2024» զեկոյցը, որուն մէջ կը գնահատուի լրագրողներու աշխատանքային պայմանները աշխարհի շուրջ 180 երկրի մէջ։

Հայաստանը աղիւսակին մէջ բարելաւած է իր դիրքերն ու յայտնուած 43-րդ հորիզոնականին՝ նախորդ տարուան 49-րդ հորիզոնականի փոխարէն։ Այսպիսով Հայաստանը տարածաշրջանային երկիրներու շարքին առաջատարն է: Վրաստանը զբաղցուցած է 103-րդ հորիզոնականը, Թուրքիան՝ 158-րդը, Ռուսիան՝ 162-րդը, Ատրպէյճանը՝ 164-րդը եւ Իրանը՝ 176-րը:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ թէեւ Հայաստանի մէջ առկայ է բազմակարծութեան միջավայր, սակայն լրատուամիջոցները կը շարունակեն բեւեռացուած մնալ, եւ երկիրը կը բախի ապատեղեկատւութեան եւ ատելութեան խօսքի աննախադէպ մակարդակի՝ առաւելապէս պայմանաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններով:

Ընդգծուած է, որ լրատուամիջոցներու բեւեռացումը կ՚արտացոլէ քաղաքական դաշտի բեւեռացումը։ Նշուած է նաեւ, որ միայն քանի մը լրատուամիջոց կը շարունակէ անկախ մնալ, իսկ միւսները հաւատարիմ կը մնան կա՛մ իշխանական թեւին, կա՛մ ընդդիմադիր կողմին:  

Նշուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին բախումները կը բարդացնեն լրագրողներու աշխատանքը, անոնք յաճախ կ՚ենթարկուին ճնշումներու, վիրաւորանքներու եւ բռնութիւններու, եւ ընդհանուր առմամբ լրագրողներու նկատմամբ բռնութիւնը երկրին մէջ կը մնայ անպատիժ։

Զեկոյցի համաձայն՝ լրատուադաշտին մէջ զգայուն է առաւելապէս երկու քաղաքական թեմայ՝ հայերու էթնիք զտումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 10:19