Աւետարան Աւետարան 

Կիրակի 27 Մայիս 2018 Տօն Ամենասուրբ Երրրորդութեան

Ձեզի պիտի ղրկեմ Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին (Յովհաննէս 14, 15-24)

Հայ Ազգը ստացաւ Սուրբ Հոգւոյն զեղումը այս քանի մը օրերու ընթացքին, որով ինչ որ պատահեցաւ մեր երկրին մէջ, այն փոփոխութիւնները որ տեղի ունեցան մի քանի օրերու ընթացքին, կարելի է ընկալել միայն որպէս Սուրբ Հոգւոյ մէկ հրաշքը, որով մարդիկ հասկցան թէ ինչ բանի մէջ կը կայանայ երկրին բարիքը եւ կամովին ընդունեցան քաշուիլ, հրաժարիլ եւ երկիրը յանձնել ժողովրդավար ուժերու:
Յոյսով ենք որ մեր նոր ղեկավարները այս ուղղութեամբ պիտի ընթանան եւ պիտի առաջնորդեն երկիրը դէպի բարգաւաճում, ապահովելով հանգստաւէտ կեանք մը բոլոր ժողովուրդին անխտիր:

Կիրակնօրեայ խօսքը

Գալով այսօրուայ տօնին, կարելի է ըսել թէ մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ գալստեան օրը, Սուրբ Երրորդութեան երրորդ այս անձը, որուն մասին կը խօսի Յիսուս, տակաւին անյայտ կը մնայ, մինչեւ որ առաքեալները իսկապէս զգան անոր զօրութիւնը եւ համարձակին դուրս ելլել իրենց պահուըտած տեղէն, քարոզելու համար Քրիստոսի աւետարանը։
Սուրբ Հոգին ուժ մըն է որով ամէն ինչ կարելի կ՛ըլլայ. Յիսուս կ՛ըսէ` ես Հօրս մէջն եմ եւ դուք իմ մէջս եւ ես` ձեր մէջ։ Այս բոլոր յարաբերութիւնները կարելի կ՛ըլլան Սուրբ Հոգւոյ միջոցաւ։ Ինչպէս որ Հոգին կ՛երթայ Որդիէն դէպի Հայրը եւ փոխադարձաբար` Հօրմէն դէպի Որդին, նոյնպէս ալ ան կ՛երթայ Որդիէն դէպի մեզ եւ մեզմէ դէպի Որդին։ Ան կը նմանի ելեկտրակայանի մը, որ ամբողջ ցանցին կը բաշխէ ելեկտրական ուժ մը. բաւական է որ կապուած մնանք այս ցանցին, որպէսզի ստանանք լոյսը։ Եթէ մեր կապը չկորսնցնենք մեղքով, Սուրբ Հոգւոյն ուժը կ՛անցնի մեր մէջէն, մեզ կը զօրացնէ դժուարութիւններուն դիմաց եւ կը փարատէ ոխը, քէնը եւ բոլոր հակառակութիւնները։
Գործնականին մէջ, այս կապը հաստատ կը մնայ եթէ սիրենք Քրիստոսը եւ հաւատարիմ մնանք անոր խօսքերուն, զանոնք գործադրելով մեր կեանքի ընթացքին։ Ով որ զիս կը սիրէ, իմ խօսքերս կը պահէ, կ՛ըսէ Յիսուս իր աշակերտներուն. Յիսուսի պատգամին հանդէպ հաւատարմութիւնը` երաշխիքն է մեր սիրոյն իր անձին հանդէպ, որ կը դրսեւորուի երբ կը կատարենք իր կամքը եւ կ՛ապրինք իր դրած սիրոյ նոր օրէնքին համաձայն։ Սուրբ Երրորդութիւնը չի բացատրուիր, ան կ՛ապրուի, կարելի չէ զայն սահմանել խելքի եւ տրամաբանութեան մակարդակին, ան կը գտնուի մեր սրտերուն մէջ եւ հոգեւոր մակարդակի վրայ։
Քրիստոնեաներս կ՛ապրինք Սուրբ Երրորդութիւնը երբ իրար կը սիրենք, ինչպէս որ Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերը զիրար կը սիրեն եւ իրարու կապուած կը մնան յաւիտեան այս սիրոյն ընդմէջէն։ Իսկ ով որ կը բաժնուի այս սէրէն, նովին գործով` իքզինք կը զրկէ այս աստուածային հաղորդակցութենէն, Սուրբ Հոգւոյ ներկայութենէն իր սրտին ու հոգիին մէջ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, երբ պատարագիչը կը կատարէ Կոչումն Սուրբ Հոգւոյ աղօթքը, հացին եւ գինիին սրբագործումէն անմիջապէս ետք, կը նշանակէ թէ կը խնդրէ Ամենասուբ Երրորդութեան երրորդ անձէն որ գայ ընծաներուն վրայ եւ լրացնէ այն պակասը որ մեր մարդկային բնութիւնը չի կրնար ամբողջացնել առանց աստուածային միջամտութեան։ Եթէ տկար ենք հաւատքի մէջ, Հոգին է որ մեզ կը զօրացնէ, եթէ համարձակութիւն չունինք մեր հաւատքը ցոյց տալու եւ ապրելու, Հոգին է որ մեզ կը քաջալերէ։ առանց Հոգիին ոչինչ ենք, Հոգիով` ամէն բանի կարող ենք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2018, 08:33