Ոչ եւս է Արհի. Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեանը
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ,
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ,
ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԸ,
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ,
եւ
ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երէց անդամներէն եւ Պաղտատի Թեմի
Վաստակաւոր Առաջնորդ՝
ԱՐՀԻ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԱՐՔ. ՏԱՊՊԱՂԵԱՆԻ (1933-2018) վախճանումը,
որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբերի առաւօտուն:
Թաղման կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ 14 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Զմմառու Վանքի մայր տաճարին մէջ, յընթացս հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագին` նախագահութեամբ Կաթողիկոս Պատրիարքին: Ապա, սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ, կ. ե. ժամը 4-էն 7 Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ. իսկ Շաբաթ 15 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-13:00, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ժէիթաուի։
Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Աստուծմէ հայցելով երկնային խաղաղութիւն և հանգուցեալին յաւիտենական հանգիստ, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Միաբանութեանս աւագ և կրտսեր բոլոր անդամներուն, խնդրելով Տիրոջմէ նորանոր քահանայական կոչումներ ի փառս Աստուծոյ և ի պայծառութիւն Ս.Եկեղեցւոյ:
Խնկանուէր աղօթք և յաւիտենական հանգիստ լուսահոգի հանգուցեալի անմահ յիշատակին:
Հ. Էմմանուէլ ծնած է Հալէպ 24 Դեկտեմբեր 1933-ին: Եկեղեցական ասպարէզին նուիրուելու նպատակով, մուտք գործած է Զմմառու դպրեվանք և երկու տարի Գասլիքի համալսարանին մէջ Իմաստասիրութեան դասընթացքներուն հետեւելէ ետք՝ Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայ վարժարան ուղարկուած է 4 Օգոստոս 1962-ին, որմէ ետք յաճախած է Յիսուսեան Հայրերու «Գրիգորեան» Քահանայապետական համալսարանը: Քահանայ ձեռնադրուած է 25 Դեկտեմբեր 1967-ին՝ ձեռամբ Վսեմ. Կարդ. Աղաճանեանի, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ: Վարդապետութեան առաքելութեան առաջին դաշտը եղած է Այնճարի Աղաճանեան որբանոցը: Ապա Զմմառու դպրեվանքի տեսուչ եղած է: Այնուհետեւ Պուրճ համուտի ժողովրդապետ: Արեւելեան Եւրոպայի և յատկապէս Վրացահայոց առաքելութեան նուիրուած է, ծառայելով Չաւախքի և Թիֆլիսի կաթողիկէ հայոց: 2007-ին, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերու կողմէ ընտրուած է Պաղտատի Հայ կաթողիկներու Առաջնորդ և 4 Օգոստոս 2007-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Զմմառու մէջ: Երկար տարիներ Պաղտատի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդական պաշտօնը կատարելէ ետք, վերջին մի քանի տարիներուն Զմմառ վերադարձած էր: Վախճանեալ Գերապայծառը իր կեանքի վերջին հանգրուանին՝ վատառողջութեան պատճառով փոխադրուած էր հանգստատուն: Չորեքշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ Գերապայծառ Հայրը Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներով զօրացած՝ ստացաւ Վերջին օծումը: Հինգշաբթի 13 Սեպտեմբեր 2018-ի վաղ առաւօտուն իր մահկանացուն կնքեց Ս. Խաչ քոյրերու հանգստատան մէջ:
Իր գրչին կը պատկանին կրօնաբարոյական յօդուածներ, «Յիսուս Կեանքի Հացը» գիրքը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երգերու նուիրուած գիրք մը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ