Սրբուհի Ռիթա Սրբուհի Ռիթա 

ԱՂՕԹՔ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ

Բարեխօսէ՛ ինծի համար որ սիրեմ Յիսուսը, Մարիամը, Սուրբ Հայր Յովսէփը եւ երկնքի բոլոր սուրբերը. ամէն։

Արագահաս Սրբուհի Ռիթա,

կ՚ըսեն որ դուն անկարելի բաներու սրբուհին ես եւ կորսուած դատերու փաստաբան։

Ես ալ քաջալերուած այս խօսքերէն, քեզի կը դիմեմ ու կը խնդրեմ որ հասնիս օգնութեան։

Երբ հիւանդանամ, բժշկէ՛ զիս,

երբ փորձութիւններ պաշարեն հոգիս, ցրուէ՛ զանոնք,

երբ մեղքի մէջ իյնամ, ցաւ ու զղջում ներշնջէ՛,

երբ պէտք եղածին պէս չեմ սիրեր զԱստուած, ջերմացո՛ւր հոգիս։

Ըլլամ քեզի պէս մաքուր, եռանդուն եւ վշտակցութիւնը սիրող։

Բարեխօսէ՛ ինծի համար որ սիրեմ Յիսուսը, Մարիամը, Սուրբ Հայր Յովսէփը եւ երկնքի բոլոր սուրբերը. ամէն։

Հայր մեր.... Ողջոյն քեզ Մարիամ....

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2020, 06:50