Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Դիւանագիտութեան եւ կեղծիքին սահմանները
Քաղաքական գիտութիւններու ուսանող կամ պաշտօնով դիւանագէտ ըլլալու պէտք չունինք անպայման, որպէսզի կարենանք դիւանագիտութեան եւ կեղծիքին տարբերութիւնները զգալ:
Դիւանագիտութիւնը իր միջպետական հասկացութեամբ, յատկապէս այնպիսի ժամանակաշրջաններու, երբ աշխարհը մատնուած ըլլայ պատերազմական խմորումներու, որոնց պատճառով` կեանքի անապահովութեան վախազդու շշուկներու, դիւանագիտութիւնը, հանգամանաւոր միջնորդութեամբ աշխուժութիւն պէտք է ցոյց տայ, հակառակորդներու միջեւ փոխյարաբերութեանց բնականոնացման, համերաշխութեան եւ ի վերջոյ խաղաղութեան ի խնդիր:
Դիւանագէտը բարձրաստիճան պաշտօնատարն է տուեալ երկրին, յատուկ կազմաւորում ստացած անձնաւորութիւն մը, որուն հիմնական դերը, դիւանագիտութեան միջոցով բարւօք յարաբերութիւններ մշակելն է այն երկրին հետ, ուր ուղարկուած է իբրեւ դիւանագիտութեան պետ: Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական, ընկերային, կենսոլորտային, արդիւնաբերական, առեւտրական եւ այլ բնագաւառներ մաս կը կազմեն դիւանագէտի օրակարգին, որոնց ենթախորագրերը ամէն օր աճ կ՛արձանագրեն, ճոխացնելով ո՛չ միայն փոխյարաբերական առօրեան տուեալ երկիրներուն, այլեւ նոյնինքն դիւանագէտին աշխատանքային կենսագրութիւնը, իր պետութեան կողմէ գործունեայ դիւանագէտի պատուին արժանացնելով զայն:
Դիւանագէտին այս բարձր պաշտօնը, փոխաբերական իմաստով կը տրուի նաեւ այնպիսի մարդոց, որոնք ընկերութեան կեանքին մէջէն սողոսկելով անցնելու մասնագիտութեան ինքնուս աշակերտներ եղած են անցեալին եւ իրենց ստացած «կրթութիւնը» ամենօրեայ դրութեամբ ու ամէն տեղ կը կիրարկեն մեծ վարպետութեամբ: Թէ ինչպէս նման անձեր իրենց «կաշին կ՛ազատեն» եւ ամէնէն դժուար խնդիրներուն մէջէն դուրս կու գան, շատերու համար դեռ հանելուկ է: Առնէտները իրենց աւարը վերցնելէ ետք փախուստի դիմած պահուն երբ զգան թէ իրենց պոչը նեղ անցքի մը մէջ բռնուած է, մարմնի մկաններու ամբողջ ուժով կ՛ազատագրեն զայն, չխնայելով անոր վրայի մազերուն: Ուստի, անոնք «կը խուզեն» իրենց պոչը եւ կը փախչին: Ա՛յս է փոխաբերաբար ըմբռնուած դիւանագիտութիւնը: Անձ մը, որ գիտէ սուտի, գողութեան, անբարոյութեան ու բոլոր տեսակի կեղտոտ արահետներէն սողոսկալ ու անցնիլ, միշտ գործածելով կեղծիքի ժպտադէմ դիմակը, «իսկական դիւանագէտ» կը համարուի բառին փոխաբերական իմաստով: Ոմանք գովասանական արտայայտութիւններով փառքի պսակները կը հիւսեն այսպիսիներու գլխուն շուրջ, թուելով անոնց ունեցած կեցուածքին ճկունութիւնը եւ հարցերը անուշութեամբ լուծելու արհեստավարժ ճարտարութիւնը: Սակայն ըսելու կարիք չկայ, որ բացասական նշանակութիւն ունին այդ գովասանքները, իսկ երբեմն ալ ծիծաղի պատճառ կը հանդիսանան, որովհետեւ ինչքան ալ մարդիկ ճարպիկ համարեն նման անձեր, դարձեալ անոնց մէջ կը տեսնեն խարդախութեան, խաբեբայութեան ու խորամանկութեան վատ կերպարները:
Դիւանագիտութեան փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած այս տեսակը եւս կարելի է երկու իմաստներով հասկնալ: Անոնց առաջին տեսակը արդէն որոշ չափով բացատրեցինք վերը, որ է` խորամանկութեամբ ամէնէն դժուարին կացութիւններէն ճողոպրող անձը: Սակայն երկրորդը, նոյն ճկունութեան բարենպատակ օգտագործումն է: Այսպէս, ծնողներ իրենց զաւակներուն միջեւ եղած խնդիրները այնպիսի ճկունութեամբ կը լուծեն, որ որեւէ դատաւոր նման արդարադատ որոշում պիտի չկարենար կայացնել, որուն մէջ խստութիւնը, անկեղծութիւնը եւ քաղցրութիւնը միաձուլուած կը ներկայանան…: Ասիկա եւս դիւանագիտութիւն է, բառին փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած, որուն մեկնակէտը դարձեալ ճկունութիւնն է, սակայն իր անվնաս տեսակով, այսինքն իսկապէս համերշախութիւն ստեղծելու համար կիրարկուած: Այստեղ դիւանագիտութիւնը այնպիսի միջնորդութիւն է, որուն գործադրած ճկունութիւնը շրջապատի բարիքին կը ծառայէ, մինչդեռ առաջին տեսակի «դիւանագէտ»ին կատարածը, միշտ իր անձին ի շահ գործի դրուած ճարպիկութիւն մըն է, որուն գործադրած ճկունութեան հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր կ՛իյնան շրջապատին մէջ: Անոնցմէ ոմանք, իր խօսած սուտերուն պատճառով բարոյապէս կը յուսալքուին, ուրիշներ` նիւթապէս կը տուժեն, իսկ երրորդ խումբի մարդիկ` աշխատանքային կամ պաշտօնի կորուստ կ՛ունենան, եւ այսպէս շարունակաբար:
Վերոյիշեալ երկու փոխաբերական իմաստներով «դիւանագէտ»ներէն առաջինը ունի մի քանի մեթոտներ, որոնցմով կը յաջողի դարձնել իր ջրաղացը: Անոնցմէ առաջինը սուտն է: Ճարպիկ կամ ճկուն այս «դիւանագէտ»ը այնքան վարժ ստախօս մը կը դառնայ ժամանակի ընթացքին, որ ալ չի՛ յիշեր, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր, ո՞ր մէկ սուտը խօսած է: Սուտերու առատութիւնը հարսանեկան խնճոյքի ընթացքին խանդավառ պարողներու նման կ՛աղմկեն իր բերնին մէջ շուրջպար կազմած, իրենց ծաղփեղանակներուն մէջ գինովցնելով նաեւ զիրենք հնարողը: Այսպէս է, որ ստախօսը կը սկսի հաճոյք ստանալ իր խօսած սուտերէն եւ այս պատճառով է դարձեալ, որ ան չի՛ յիշեր իր խօսած սուտերը, որովհետեւ կը յարբենայ անոնց գեղեցիկ շարայարութեամբ:
Երկրորդ մեթոտը, որ առաջին տեսակի «դիւանագէտ»ը կ՛օգտագործէ, կեղծիքն է, իր բոլոր դիմակներով: Ասիկա փրկութեան երկրորդ եւ կարեւոր լաստերէն մէկն է, որուն վրայ բարձրանալով, «դիւանագէտ»ը կը յաջողի ինքզինք յանձնել հոսող գետի ալիքներուն, եւ աննկատ հեռանալ այն վայրէն, ուր ճկունութիւն ի գործ դրած էր, մատին վրայ խաղցնելով անփորձ միամիտներ:
Կեղծաւոր «դիւանագէտ»ին մէկ ժպիտին տակ թաքնուած կ՛ըլլայ հազար հատ լարուած թակարդ ու նոյնքան ծրագրուած խաբէութիւն, որոնք ան կը յաջողի դիւային հնարքներով վարագուրել, շրթներու լայնարձակ տարածումով ու աչքերու նշաձեւ ձգումով, իսկ ատամներուն ցուցադրութիւնը` պարտադիր չէ: Թէ ինչքա՞ն երկար կը տեւէ անոր խաբեբայական ճանապարհը եւ կամ ո՞ւր եւ ե՞րբ անոր ճամբան կը հատէ ա՛յլ «դիւանագէտ» մը` չենք կրնար ըսել: Ատիկա մեր գիտնալիքը չէ՛, այլ Աստուծոյ, ինչպէս կ՛ըսէ քրիստոնեայ հաւատացեալ մարդը, խորապէս հաւատալով երկնային արդարութեան, կամ ժողովրդային բառով` «Աստուծոյ գաւազանին» գործադրութեան:
Այսքան ընդարձակ քննարկելով դիւանագիտութեան փոխաբերական իմաստները, դարձեալ կը վերադառնանք անոր իսկական իմաստին` քաղաքական գիտութիւններու մէկ ենթաբաժինը ներկայացնող նշանակութեան, միշտ խորհելով, որ արդեօ՞ք այս բնագաւառին մէջ եւս կեղծիքը իր տխուր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ: Մենք յանգեր ենք այն եզրակացութեան, որ` դժբախտաբար այո՛, կեղծիքը դիւանագիտութեան անբաժան մասը դարձեր է ներկայ աշխարհի անհաւատարմութեան սանձարձակ մայթերուն վրայ: Աստուածաշնչական բառով այս «պոռնկութեան» դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտը շատ աւելի մեղանչական է ու դատապարտելի, քան անոր բացայայտ տեսակը, ճամբու եզրին կանգնած պերճաղիճին այտերը զարդարողը:
Դիւանագիտութեան եւ կեղծիքի սահմաններու անյստակութեան հետեւանք են այն բոլոր անարդարութիւնները, որոնց պատճառով երիտասարդ կեանքեր կը զոհուին պատերազմական ճակատներուն վրայ, ինչպէս նաեւ անմեղ զոհեր կ՛իյնան խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Քաղուած «Ասպարէզ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ