Ախթամարի կղզին Ախթամարի կղզին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Դիւանագիտութեան եւ կեղծիքին սահմանները

Դիւանագիտութեան եւ կեղծիքի սահմաններու անյստակութեան հետեւանք են այն բոլոր անարդարութիւնները, որոնց պատճառով երիտասարդ կեանքեր կը զոհ¬ուին պատե¬րազմական ճակատներուն վրայ, ինչպէս նաեւ անմեղ զոհեր կ՛իյնան խա¬ղաղ բ¬նակչութեան շարքերուն մէջ:

Քաղաքական գիտութիւններու ուսանող կամ պաշտօնով դիւանագէտ ըլ­լա­լու պէտք չունինք անպայման, որպէսզի կարենանք դիւանագիտութեան եւ կեղծի­քին տար­­­բերութիւնները զգալ:

Դիւանագիտութիւնը իր միջպետական հասկացութեամբ, յատկապէս այնպիսի ժամանակաշրջաններու, երբ աշխարհը մատնուած ըլլայ պատերազմա­կան խմորում­նե­րու, որոնց պատճառով` կեանքի անապահովութեան վախազդու շշուկ­ներու, դիւա­նա­­գիտութիւնը, հանգամանաւոր միջնորդութեամբ աշխուժութիւն պէտք է ցոյց տայ, հակառակորդ­ներու միջեւ փոխյարաբերութեանց բնականոնաց­ման, համե­րաշ­խութեան եւ ի վերջոյ խաղաղութեան ի խնդիր:

Դիւանագէտը բարձրաստիճան պաշտօնատարն է տուեալ երկրին, յատուկ կազ­­մաւորում ստացած անձնաւորութիւն մը, որուն հիմնական դերը, դիւանագիտութեան միջոցով բարւօք յարաբերութիւններ մշակելն է այն երկրին հետ, ուր ուղարկուած է իբրեւ դիւա­նագիտութեան պետ: Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթա­կան, ընկերա­յին, կենսոլորտային, արդիւնաբերական, առեւտրական եւ այլ բնագա­ւառ­ներ մաս կը կազմեն դիւա­նագէտի օրակարգին, որոնց ենթախորագրերը ամէն օր աճ կ՛արձանագրեն, ճոխաց­նելով ո՛չ միայն փոխյարաբերական առօրեան տուեալ երկիրներուն, այլեւ նոյնինքն դիւանագէ­տին աշխատանքային կենսագրութիւնը, իր պետութեան կողմէ գոր­ծունեայ դիւանագէտի պատուին արժա­նացնելով զայն:

Դիւանագէտին այս բարձր պաշտօնը, փոխաբերական իմաստով կը տրուի նա­եւ այնպիսի մարդոց, որոնք ընկերութեան կեանքին մէջէն սողոսկելով անցնելու մաս­նա­գիտութեան ինքնուս աշակերտներ եղած են անցեալին եւ իրենց ստացած «կրթու­թիւնը» ամենօրեայ դրութեամբ ու ամէն տեղ կը կիրարկեն մեծ վարպետութ­եամբ: Թէ ինչպէս նման անձեր իրենց «կաշին կ՛ազատեն» եւ ամէնէն դժուար խնդիր­ներուն մէջէն դուրս կու գան, շատերու համար դեռ հանելուկ է: Առնէտները իրենց ա­ւարը վերցնելէ ետք փախուստի դիմած պահուն երբ զգան թէ իրենց պոչը նեղ անցքի մը մէջ բռնուած է, մարմնի մկաններու ամբողջ ուժով կ՛ազատագրեն զայն, չխնայելով անոր վրայի մազերուն: Ուստի, անոնք «կը խուզեն» իրենց պոչը եւ կը փախչին: Ա՛յս է փո­խաբերաբար ըմբռնուած դիւանագիտութիւնը: Անձ մը, որ գիտէ սուտի, գողութեան, անբարոյութեան ու բոլոր տեսակի կեղտոտ ա­րահետներէն սողոսկալ ու անցնիլ, միշտ գործածելով կեղծիքի ժպտադէմ դիմակը, «իսկական դիւանագէտ» կը համար­ուի բառին փոխաբերական իմաստով: Ոմանք գովասանական արտայայտութիւննե­րով փառքի պսակները կը հիւսեն այսպիսիներու գլխուն շուրջ, թուելով անոնց ունե­ցած կեցուածքին ճկունութիւնը եւ հարցե­րը անուշութեամբ լուծելու արհեստավարժ ճար­տա­րութիւնը: Սակայն ըսելու կարիք չկայ, որ բացասական նշանակութիւն ու­նին այդ գովասանքները, իսկ երբեմն ալ ծիծաղի պատճառ կը հանդիսանան, որով­հետեւ ինչքան ալ մարդիկ ճարպիկ համարեն նման ան­ձեր, դարձեալ անոնց մէջ կը տեսնեն խարդախութեան, խաբեբայութեան ու խորա­մանկութեան վատ կերպարները:

Դիւանագիտութեան փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած այս տեսակը եւս կարելի է երկու իմաստներով հասկնալ: Անոնց առաջին տեսակը արդէն որոշ չափով բացա­տ­րեցինք վերը, որ է` խորամանկութեամբ ամէնէն դժուարին կացութիւն­նե­րէն ճո­ղոպրող անձը: Սակայն երկրորդը, նոյն ճկունութեան բարենպատակ օգտագործումն է: Այսպէս, ծնողներ իրենց զաւակներուն միջեւ եղած խնդիրները այն­պիսի ճկունու­թեամբ կը լուծեն, որ որեւէ դատաւոր նման արդա­րա­դատ որոշում պիտի չկարենար կայացնել, որուն մէջ խստութիւնը, անկեղծութիւնը եւ քաղց­րութիւնը միաձուլուած կը ներկայանան…: Ասիկա եւս դիւանագիտութիւն է, բառին փոխաբե­րական իմաս­տով ըմբռնուած, որուն մեկնակէտը դարձեալ ճկունութիւնն է, սակայն իր անվնաս տե­սակով, այսինքն իսկապէս համերշախութիւն ստեղծելու համար կիրարկուած: Այստեղ դիւանագիտութիւնը այնպիսի միջնորդութիւն է, որուն գործադրած ճկունութիւնը  շրջա­­պատի բարիքին կը ծառայէ, մինչդեռ առա­ջին տեսակի «դիւանագէտ»ին կա­տա­րածը, միշտ իր անձին ի շահ գործի դրուած ճարպիկութիւն մըն է, որուն գործադրած ճկունութեան հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր կ՛իյնան շրջապատին մէջ: Անոնցմէ ոմանք, իր խօսած սուտերուն պատճառով բարոյա­պէս կը յուսալքուին, ուրիշներ` նիւթապէս կը տուժեն, իսկ երրորդ խումբի մարդիկ` աշխատանքային կամ պաշտօնի կորուստ կ՛ունենան, եւ այսպէս շարունակաբար:

Վերոյիշեալ երկու փոխաբերական իմաստներով «դիւանագէտ»ներէն առաջինը ունի մի քանի մեթոտներ, որոնցմով կը յաջողի դարձնել իր ջրաղացը: Անոնցմէ առա­ջինը սուտն է: Ճարպիկ կամ ճկուն այս «դիւանագէտ»ը այնքան վարժ ստախօս մը կը դառնայ ժամանակի ընթացքին, որ ալ չի՛ յիշեր, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր, ո՞ր մէկ սուտը խօսած է: Սուտերու առատութիւնը հարսանեկան խնճոյքի ընթացքին խանդավառ պարողնե­րու նման կ՛աղմկեն իր բերնին մէջ շուրջպար կազմած, իրենց ծաղփեղանակնե­րուն մէջ գինովցնելով նաեւ զիրենք հնարողը: Այսպէս է, որ ստախօսը կը սկսի հա­ճոյք ստա­նալ իր խօսած սուտերէն եւ այս պատճառով է դարձեալ, որ ան չի՛ յիշեր իր խօ­սած սուտերը, որովհետեւ կը յարբենայ անոնց գեղեցիկ շարայարութեամբ:

Երկրորդ մեթոտը, որ առաջին տեսակի «դիւանագէտ»ը կ՛օգտագործէ, կեղծիքն է, իր բոլոր դիմակներով: Ասիկա փրկութեան երկրորդ եւ կարեւոր լաստերէն մէկն է, որուն վրայ բարձրանալով, «դիւանագէտ»ը կը յաջողի ինքզինք յանձնել հոսող գե­տի ալիքներուն, եւ աննկատ հեռանալ այն վայրէն, ուր ճկունութիւն ի գործ դրած էր, մա­տին վրայ խաղցնելով անփորձ միամիտներ:

Կեղծաւոր «դիւանագէտ»ին մէկ ժպիտին տակ թաքնուած կ՛ըլլայ հազար հատ լարուած թա­կարդ ու նոյնքան ծրագրուած խաբէութիւն, որոնք ան կը յաջողի դիւային հնարք­ներով վարագուրել, շրթներու լայնարձակ տարածումով ու աչքերու նշաձեւ ձգումով, իսկ ատամներուն ցուցադրու­թիւնը` պարտադիր չէ: Թէ ինչքա՞ն երկար կը տեւէ անոր խաբեբայական ճանապարհը եւ կամ ո՞ւր եւ ե՞րբ անոր ճամբան կը հատ­է ա՛յլ «դիւանագէտ» մը` չենք կրնար ըսել: Ատիկա մեր գիտնալիքը չէ՛, այլ Աստուծոյ, ինչ­պէս կ՛ըսէ քրիստոնեայ հաւատացեալ մարդը, խորապէս հաւատալով երկնային ար­դարութեան, կամ ժողովրդային բառով` «Աստուծոյ գաւազանին» գործադրութեան:

Այսքան ընդարձակ քննարկելով դիւանագիտութեան փոխաբերական իմաստ­ները, դարձեալ կը վերադառնանք անոր իսկական իմաստին` քաղաքական գիտութ­իւններու մէկ ենթաբաժինը ներկայացնող նշանակութեան, միշտ խորհելով, որ արդ­եօ՞ք այս բնագաւառին մէջ եւս կեղծիքը իր տխուր դերակատարութիւնը կ՛ունե­նայ: Մենք յանգեր ենք այն եզրակացութեան, որ` դժբախտաբար այո՛, կեղծիքը դիւա­նագիտութեան անբաժան մասը դարձեր է ներկայ աշխարհի անհաւա­տարմութեան սանձարձակ մայթերուն վրայ: Աստուածաշնչական բառով այս «պոռնկութեան» դէմ­քին վրայ ուրուագծուած ժպիտը շատ աւե­լի մեղանչական է ու դատապարտելի, քան անոր բացայայտ տեսակը, ճամբու եզրին կանգնած պերճաղիճին այտերը զարդարողը:

Դիւանագիտութեան եւ կեղծիքի սահմաններու անյստակութեան հետեւանք են այն բոլոր անարդարութիւնները, որոնց պատճառով երիտասարդ կեանքեր կը զոհ­ուին պատե­րազմական ճակատներուն վրայ, ինչպէս նաեւ անմեղ զոհեր կ՛իյնան խա­ղաղ բ­նակչութեան շարքերուն մէջ:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2020, 07:28