Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի 

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ՝ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ

Սուրբ Գրիգոր ՆարեկացիՆ Եկեղեցւոյ Վարդապետ պաշտօնական հռչակումը տեպի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ 12 ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին

Յօդուածը քաղուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջէն: Հեղինակը  լիբանանահայ լրագրող, Պատրիարքարանի լրատւութեան գրասենեակի վարիչ Պրն. Սարգիս Նաճարեանն է։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումը, որհրապարակուեցաւ փետրուարի 21-ին ողջունուեցաւ եւ  լայն արձագանգի արժանացաւ ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ համայն քրիստոնեայհանրութեան կողմէ, որ հայազգի մեծ  խորհրդաբան աստուածաբան Սուրբի սրբակրօն վարքին ու սրբադրոշմ հոգեւոր վաստակին ծանօթանալու ու անորվրայ հիանալու առիթը ունեցաւ յատկապէս վերջին երկու տասնամեակներուն՝ շնորհիւ անոր ստեղծագործութիւններուն, մասնաւորաբար գլուխգործոցին՝ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի թարգմանութեան բազմատասնեակ լեզուներու, առաջինը՝ ֆրանսերէն, հայր Սահակ վրդ. Քեշիշեանին կողմէ։«Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ 95 աղօթքներու ընդմէջէն տեղի ունեցող հոգեխռով, անձկալի ու սրտաբուխ զրոյց մըն է Աստուծոյ հետ՝ մեղքի,ապաշխարութեան, երկնային գթութեան, հոգեւոր պայքարի, հոգեկան տառապանքի,  միսթիք կեանքի եւ թողութեան մասին, համաշխարհային հոգեւորժառանգութեան  ամէնէն փայլուն ստեղծագործութիւններէն մէկը նկատուեցաւ։ Նարեկացիին ստեղծագործութիւնները պատմութեան անցածհամաշխարհային արժէք մը չեն միայն, այլ իր յարուցած խնդիրներով եւ առաջարկած լուծումներով  նաե՛ւ ժամանակակից արժէք մըն են։ «ՄատեանՈղբերգութեան»ը Հոգին Սուրբին ներշնչումով գրուած բարեգործ աղօթագիրք մըն է  ո՛չ միայն հայ ազգին համար, այլ բոլո՛ր ազգերուն ու բոլո՛րհաւատացեալներուն համար։

Արդարեւ, դարեր ամբողջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտամունքի ու սիրոյ  առարկան եղաւ միայն հայ ժողովուրդին, մինչդեռ անոր քրիստոսանմանվարքը, լայնախոհ, Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտի պատշաճ մտածողութիւնը, հաւատքի ապրումը, համայն մարդկութեան մեղքերուն  քաւութեանտառապանքը,  Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած  աղօթքները, բարեպաշտական զգացումները, առանց հատուածականութեան կամ անջատողականութեանհակումներու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ուղղադաւան վարդապետութեան հաւատարմութիւնը՝ որուն համար հալածուեցաւ իր ժամանակակիցներունկողմէ, անոր աստուածաբանական եւ հոգեմտաւոր վաստակին ընդհանրականութիւնը՝  10-րդ դարուն ապրած այս հայ Սուրբը կը դարձնեն արժանիՔրիստոսի բոլո՛ր հաւատացեալներու սիրոյն ու պաշտամունքին։

Այդ սիրոյն ու պաշտամունքին արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ զինք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու Ֆրանչիսկոս ՍրբազանՔահանայապետին որոշումը, որ արդիւնքն է տասնեակ մը տարիներու վրայ երկարող խստապահ ու բարդ գործընթացի մը, որուն ազդանշանը տուաւ  Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը առաջնորդութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին,  մտածելովոր ինչպէս Հայ ազգի հաւատքի հայրը՝  սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ շնորհիւ դարձեալ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նախաձեռնութեան, իր արժանիպատուանդանը ունեցաւ Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»ի պազիլիքային ճակատը զարդարող Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերու քանդակներու շարքին՝ի գիտութիւն համայն աշխարհի հաւատացեալ հասարակութիւններուն,  ժամանակն էր որ Ընդհանրական Եկեղեցին իր 36-րդ  Վարդապետը հռչակէրսուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն կողմէ շուրջ տասը տարիէ ի վեր տարուող աշխատանքին պսակումը պիտիհանդիսանայ Հայ Սուրբին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը յընթացս համապատարագին զոր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդտարելիցին առիթով Սրբազան Պապը Հայ Կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն հետ պիտի մատուցանէ 12 ապրիլին  Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»իտաճարին մէջ։ Այդ աշխատանքի մասին կարեւոր վկայութիւններ կը հանդիսանան Հայ կաթողիկէ ամենամեայ Սիւնհոդոսներուն ատենագրութիւններըեւ նամակագրութիւնները Վատիկանի պատկան մարմիններուն հետ։

Կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ, դժբախտաբար, փութկոտ հրապարակումներով  թիւր եւ խեղաթիւրուած ձեւով  արձագանգած ըլլալով պատմական այս իրադարձութեան յատկապէս նախապատրաստական գործընթացին, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սուրբ Գրիգոր ՆարեկացիԿեդրոնի  տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին, ապա նաեւ վաստակաշատ հոգեւորական արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանինկողմէ տրուած հետագայ բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները սահմանուած են ըստ արժանւոյն գնահատելու համայն հայութեան հպարտութիւնառթող այս պատմական իրադարձութիւնը, որ աւելի եւս պիտի սերտացնէ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններըԿաթողիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցիներուն միջեւ։

 

ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակել տալու գաղափարը ծնունդ առաւ յետ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիրարձանի հանդիսաւոր օրհնութեան ու զետեղումին Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» Մայր Տաճարին արտաքին գաւիթին մէջ, ձեռամբ երջանկայիշատակ սուրբՅովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին, 2005-ի Յունուարի 19-ին։ Այս եզակի պատիւը կը շնորհուի միայն քրիստոնեայ մեծ Եկեղեցիներուհիմնադիրներուն, որոնց շարքին դասուեցաւ Հայոց Լուսաւորիչը։

Այս պատմական դէպքին յաջորդեց նոյն գաւիթին պաշտօնական  յորջորջումը իբր «Cortile San Gregorio Illuminatore d’Armenia», Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապինկողմէ, 2008-ի փետրուար 22-ին, դարձեալ ի ներկայութեան Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան եւ քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներու, ինչպէս նաեւքաղաքական հայ եւ օտար անձնաւորութիւններու։

Մինչ այդ, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը  լծուած էր՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ  հռչակել տալունախապատրաստական աշխատանքներուն՝ իր 2003-ի սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին։ Կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ գլխաւորութեամբարհի. Գրիգոր եպիսկ. Կապրոյեանի, անմիջական աջակցութեամբ փրոֆ. Ժան-Բիէր Մահէի եւ գերապայծառ հայր Լեւոն արք. Զէքիեանի։ Անոնցջանքերով կազմակերպուեցան զոյգ գիտաժողովներ, առաջինը՝ Հռոմի Արեւելեան Ուսմանց Քահանայապետական Ինստիտուտին մօտ, 2005-ի յունուար20-22-ին, իսկ երկրորդը՝ Լիբանան, Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» Համալսարանին մօտ, 2009-ի հոկտեմբերին, կեդրոնանալով գլխաւորաբար Նարեկացիի դերինվրայ Հայ ծէսին մէջ։ Երկու ձեռնարկներն ալ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, ըլլայ  շնորհիւ  հանրածանօթ մասնագէտներու մասնակցութեան, ըլլայ անոնց գտած դրական ընդունելութեան համար հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ։ Մասնակցողներու խումբին մաս կը կազմէին  հանրածանօթաստուածաբաններ, ծիսագէտներ ու պատմագէտներ, ի շարս որոնց՝  Ժերար Տէտէեան, Հրաչեայ Թամրազեան, Աբրահամ Տէրեան, Ժան-Բիէր Մահէ,գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճերոթթի, գերշ. Շահան արք. Սարգիսեան, գերշն. Մեսրոպ արք. Գրիգորեան, գերշն. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, հ. Լեւոն վ.Զէքիեան, Իկոր Տորֆման, հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւայլք։

Սիւնհոդոսական Հայրերը, յուսադրուած աշխատանքներու դրական ընթացքէն, կապ կը պահէին Հռոմի պատկան իշխանութիւններուն եւ յատկապէսՀաւատոյ Վարդապետութեան պահպանման Ժողովի նախագահ Կարդինալին հետ ուսումնասիրելու համար պահանջուած պայմանները՝ ՏիեզերականՎարդապետի տիտղոսին արժանանալու համար։ Անոնց կարգին էին գլխաւորաբար՝ փաստերը առաջադրուած անձին կեանքի սրբութեան ու դաւանածվարդապետութեան ուղղափառութեան, յայտնուած յատկապէս անոր գրութիւններուն ընդմէջէն։ Առ այդ՝ հարկ էր ներկայացնել անոր թարգմանուածգրութիւնները, եւ յատկապէս «Մատեան Ողբերգութեան» եւ «Գանձեր եւ Տաղեր» հատորները, ինչ որ կատարուեցաւ շնորհիւ Ժան-Բիէր Մահէի եւ իրգործակիցներուն։

Հարկ է նշել որ թէ՛ Նարեկացին եւ թէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը անծանօթ չեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսագէտներուն։ Արդարեւ, երկուքն ալ կը յիշուինհռոմէական ծիսական օրացոյցին մէջ։ Այս իմաստով անոնք իրաւամբ կը սեպուին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբեր։

Ինչպէս, կը տեսնուի, անցեալ տասը տարիներու ընթացքին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը, գլխաւորութեամբ ամենապատիւ ՏէրՆերսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, ջանք ու ժամանակ չխնայեցին լուսարձակները կեդրոնացնելու համարսուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արժէքին վրայ համայն քրիստոնեայ աշխարհին համար։ Վերոնշեալ երկու գիտաժողովները, եւ անոնց ընթացքիններկայացուած զեկուցումները զարգացուցին Արեւմուտքի եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհին գիտելիքները սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ անորարժէքի մասին։   Շնորհիւ  «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի ֆրանսերէնով թարգմանութեան Ժան-Բիէր Մահէի կողմէ՝ ամբողջ  ֆրանսախօս աշխարհըծանօթացաւ Նարեկացիին։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին երկու գիտաժողովներուն ընթացքին տրուած վկայութիւնները բնականաբար չէին կրնարանտարբեր ձգել Սուրբ Աթոռը։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու առաջարկը համապատասխան թղթածրարով՝ Հոգեւոր Տէրը անձամբ ներկայացուցԲենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին։ Ասիկա բաւարար չէր անշուշտ։ Գործը հետապնդումի կը կարօտէր։ Հոս կ’արժէ յիշատակել անձնաւորութիւն մը՝ որկարեւոր ներդրում ունեցաւ այդ գործի հետապնդումին մէջ։ Ան՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի երբեմնի պապական նուիրակն է, ՄոնսէնիէօրԳլաուտիօ արքեպիսկոպոս Կիւճերոթթի, որ այժմ Մինսքի առաքելական նուիրակն է։ Հայագէտ է, հայասէր եւ հայախօս։ Հեղինակ է Գրիգոր Նարեկացիիմասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու։ Հոգեւոր Տիրոջ թելադրանքով, այս հայագէտ հոգեւորականը մեծապէս օգնեց Նարեկացիիթղթածրարի քննարկման համար անհրաժեշտ վարչական ձեւակերպութիւններու յաղթահարումին։

 

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Doctor Ecclesiae տիտղոսը շնորհելու համար Կաթողիկէ Եկեղեցին կը պահանջէ երեք հիմնական նախադրեալ.-  eminens doctrina՝ գերազանց ուսմունք, insignis vitae sanctitas՝ արտասովոր սրբակեցութիւն եւ Ecclesiae declaratio՝ հռչակում Եկեղեցւոյ կողմէ։ Սրբադասման եւ երանացման դատերուեպիսկոպոսներու ժողովը, որուն նախագահն է կարդինալ Անճելօ Ամաթօ,  մանրակրկիտ կ’ուսումնասիրէ իրեն առաջարկուած անձի հոգեւորվաստակի, Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, խորհրդաբանութեան զարգացման համար անոր հոգեւոր ժառանգութեան արժէքի մասին փաստարկներըու հիմնաւորումները եւ  ըստ այնմ կը կայացնէ  առաջարկուած անձին Եկեղեցւոյ Վարդապետ տիտղոսին արժանի ըլլալու մասին իր որոշումը, որարդիւնքն է մէկը՝  կանոնական, իսկ միւսը աստուածաբանական երկու յանձնախումբերու դրական պատասխանին զոր կարդինալ Ամաթօ փոխանցեցՊապին։ Իսկ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին այդ տիտղոսին արժանաւորութիւնը անվիճելի դարձնող 500 էջնոց թղթածրարը պատրաստելու աշխատանքինմէջ մեծ է ներդրումը  առաւելաբար Պոլսոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ եւ առաքելական կառավարիչ  հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանին։

 

ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆԸ  ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայ Կաթողիկէ սիւնհոդոսական Հայրերը ամէն ջանք թափեցին որպէսզի Նարեկացիին այս տիտղոսի տուչութիւնը կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան100-րդ տարելիցին առիթով, ապրիլի 12-ին, «Սուրբ Պետրոս»ի Տաճարին մէջ մատուցուելիք քահանայապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին, ինչ որառիթ պիտի տայ բազմահազար օտարազգի ժողովուրդի ծանօթանալու հայ սուրբին եւ իմանալու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

Ինչպէս նկատել կու տայ  Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին տնօրէնը, որոշելով հայ սուրբին Եկեղեցւոյ Վարդապետպաշտօնական հռչակումը կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ 12 ապրիլին մատուցանելիքՊատարագի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը լաւագոյն առիթ մը ստեղծած կ’ըլլայ  եկեղեցական ազնուագոյն ձեւով աշխարհին ուշադրութիւնըհրաւիրելու Հայ Դատին վրայ, աշխարհին ծանօթացնելու Հայ Դատը։ Նարեկացիի մասին մտածելով, քրիստոնեայ աշխարհը անխուսափելիօրէնյետադարձ ակնարկ մը պիտի կատարէ մինչեւ 1915 եւ հարց պիտի տայ թէ ո՞ւր է Նարեկայ Վանքը այսօր, ինչո՞ւ քանդուած է ան։ Եկեղեցւոյ հա՛յվարդապետը կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներու զաւակներուն համար պիտի հանդիսանայ հայ հնադարեան հարուստ մշակոյթին վրայ,մանաւանդ հոգեւոր մշակոյթին, հայ միջնադարեան գրականութեան, հայկական հոգեւորականութեան վրայ բացուող պատուհան մը, ինչ որ  առիթ պիտիհանդիսանայ նոր գիտաժողովներու՝ կազմակերպուած այս անգամ տարբեր միջավայրերու կողմէ եւ ոչ միայն հայերու։ Հա՛յ  Վարդապետինստեղծագործութիւնները ներշնչման աղբիւր պիտի դառնան Քրիստոսի հետեւորդ ամէն հաւատացեալի, որովհետեւ ան՝  իր «ՄԱՏԵԱՆՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ով  ամբողջ մարդկութեան մեղքը իր ուսերուն  վրայ կ’առնէ, մարդկային ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ ինքն իր անձին մէջ։

Իսկ մեզի, Մեծ Սուրբի ազգակիցներուս համար, այս պատմական հռչակումը, ինչպէս կ’ըսէ Հայր Գազանճեան,  նոր զարթօնքի ու վերանորոգումի հրաւէրմը պիտի ըլլայ, մանաւանդ մեր անառարկելի արժէքներուն շուրջ համախմբուելու հրաւէր մը։ Մեզի պիտի վերյիշեցնէ որ 1915-ին չկար հայ տուն մը, հայընտանիք մը, որ ՆԱՐԵԿը չունենար, ՆԱՐԵԿին ներշնչած  հաւատքով  զօրացած չըլլար։ Եկեղեցւոյ Վարդապետները անպայման ըլլալու են հաւատքըիրենց միջավայրին մէջ  փոխանցող առաքեալներ, ինչպիսին եղաւ Գրիգոր Նարեկացին։ Հաւատքը ընդհանրական է անշուշտ։ Քրիստոս բոլորին համար է։Բայց Գրիգոր Նարեկացին Քրիստոսը հայու սնարին մօտ բերաւ, հայու հոգիին մէջ դրաւ։ Հայ մշակոյթին անբաժան մասը դարձուց։ Նարեկացիիններշնչած հաւատքով զօրացած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները։ Անոնք Քրիստոսի սէրը սորված էին Նարեկացիէն։ Նարեկը  անոնց սնարիգիրքն էր, աղօթամատեանը։ Ասիկա էր որ զիրենք հաստատեց Քրիստոսի հաւատքին մէջ։ Շնորհիւ ասոր է որ  մեր ժողովուրդը իր պատմութեան մեծագոյնողբերգութեան, Մեծ Եղեռնի ժամանակ չկորսնցուց իր հաւատքն ու յոյսը ապագային հանդէպ։ Ասիկա կատարուեցաւ Նարեկացիին ուժով։ Նարեկացին էոր սնուցանեց այդ սերունդը, նահատակ սերունդը, նահատակ սերունդին հաւատքը։ Ան այսօր մեզի կը բերէ միեւնոյն պատգամը, որ՝ անոր ՏիեզերականԵկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումով Վատիկանէն՝ աշխարհին բոլոր կողմերը հնչող մշտական ղօղանջ պիտի դառնայ եւ մեզի հետ զայն պիտի իմանայՔրիստոսի ամէն հաւատացեալ։

 

Պէյրութ,

19 մարտ 2015

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2021, 11:29