Սուրբ Հաղորդութիւնը կեդրոնական, կենսական, էական իրողութիւն է մեր ազգին ու մեր եկեղեցւոյն համար. Գերապայծառ Մինասեան։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
5էն 12 սեպտեմբերին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեշտի մէջ նախատեսուած Սուրբ Հաղորդութեան 52րդ միջազգային գիտաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ` Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, որպէս Արհիապատիւ Լեւոն Զէքիյան Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ։
Վերոնշեալ գիտաժողովը ունի համամիութենական բնոյթ տրուած ըլլալով որ անոր կը մասնակցին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Գիտաժողովին փակում պիտի կատարէ նոյնինք Ֆրանչիսկոս Պապը յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին, Պուտաբէշտի «Հերոսներու» հրապարակին վրայ մատուցանելիք Սուրբ Պատարագով։
Սուրբ Պատարագ` Պուտաբեշտի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս
Սուրբ Հաղորդութեան 52րդ միջազգային գիտաժողովի ծիրէն ներս յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 17ին Պուտաբեշտի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս նախատեսուած է հայածէս ուրբ Պատարագ, զոր պիտի մատուցանէ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, առընթերակայութեամբ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ Տէր Մաշտոց Վահէ Ղազարեանի։
Հունգարիա չմեկնած Արհ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը այցելութիւն տուաւ Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայական բաժնի խմբագրութեան ու առիթէն օգտուելով անոր հետ ունեցանք հարցազրոյց մը` որուն ընթացքին Ան մեզի փոխանցեց Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին կարեւորութիւնը ու Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան կեդրոնականութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ