Արհ. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի քարոզը Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ` Հայ Քոյրերու Զմմառու վանքին մէջ։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Հինգշաբթի` 9 Դեկտեմբերին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան տօնը, նոյն օրը տօնն է նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան։
Տօնին առիթով Արհ. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Զմմառու վանքին մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագ ի ներկայութեան միաբանութեան անդամ քոյրերուն ու նաեւ Զմմառու Արծիւեան Պատրիարքական միաբանութեան կղերական դասն ու նորընծաները։
Սուրբ Զոհի ընթացքին Պատարագիչ գերապայծառը ներկայացուց հետեւեալ քարոզը.
Անարատ Յղութիւն
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարդկութեան շնորհած ամենագեղեցիկ պարգեւներէն է՝ սիրելի Ս. Կոյս Մարիամը: Յիսուս իր խաչով եւ յարութեամբ մարդկութեան փրկութիւն պարգեւեց. եւ նոյն այդ խաչին վրայէն իր մայրը Մարիամ նուիրեց մարդութեան, Ս. Յովհաննէսի միջոցաւ, որպէսզի ան՝ Մարիամ դէպի երկինք գացող մեր ուխտագնացութեան ճանապարհին մեզի ընկերանայ:
Եկեղեցին մեծ ուրախութեամբ կը յիշատակէ այն բոլոր տօները, որոնք առնչուած են ամենասրբուհի Կոյսին: Եւ ահաւասիկ այսօր կը տօնախմբենք անոր «անարատ յղութիւնը»:
Ի՞նչ կը նշանակէ «անարատ յղութիւն»:
Ոմանք կը շփոթին կարծելով, որ անարատ յղութիւն կը նշանակէ Մարիամի անամուսնացեալ ծնունդ տալը մեր Փրկիչին: Սակայն անարատ յղութիւնը արտայայտութիւնը առնչուած է Մարիամի անբիծ ծնունդին իր մօրմէ՝ Ս. Աննայէն: Աստուած ժամանակներու սկիզբէն ընտրած էր Մարիամը, որպէսզի երրորդութեան երկրորդ անձը անորմէ մարմին առնէ եւ փրկէ մարդկութիւնը: Որպէս այդ, պէտք էր Մարիամ ինք անարատ եւ անբիծ ըլլար, ծնունդ տալու համար Փրկիչին: Անարատ կը նշանակէ մաքուր՝ բոլորովին զուրկ ադամական մեղքէ: Ադամական մեղքի ամենաչնչին նշոյլը կրել, կը նշանակէ, որ Մարիամ պէտք էր սատանայի իշխանութեան ենթակայ ըլլար. որովհետեւ մեղք կը նշանակէ սատանային հնազանդիլ: Մարիամ զուրկ էր ադամական մեղքէ եւ նաեւ որեւէ այլ մեղքերէ: Ան մաքուր անօթն էր, որ պիտի կրէր Տէր Յիսուսը իր մէջ:
Հոս ոմանք հարց կու տան ըսելով՝ ուրեմն Մարիամ փրկուած էր առանց խաչի փրկագործական արարքին:
Սրբազան քահանայապետ Պիոս 9րդ (1792 – 1878) կը յստակացնէ այս կէտը: Ան կը գրէ՝ Ս. Կոյսի անարատ կուսութիւնը իւրայատուկ շնորհք մըն է տրուած միայն անոր, որ պիտի ծնէր Տէրը: Սակայն եւ այնպէս նոյնիսկ այս շնորհքը տրուեցաւ անոր Յիսուսի խաչելութեան եւ յարութեան արժանիքով: Ս. Կոյսի երբ այցելեց Եղիսաբեթ յայտարարեց իր «մեծացուսցէն»՝ Հոգիս կը մեծարէ Տէրը, իմ սիրտս կ'ուրախանայ իմ Փրկիչ Աստուծովը՝՝ (Ղուկ 1:46-47)։ Մարիամ ինք կը յայտարարէ թէ իր փրկութիւնը Տիրոջմէն է:
Պիոս Թ. Քահանայապետը ինք հիմնեց Անարատ Յղութեան տօնը 8 Դեկտեմբեր 1854ին: Եւ 1858ին Մարիամ ինք յայտնեց այս անունը Լուրտի Պերնատէթին:
Ահաւասիկ կը մօտենանք տօնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին ծնունդը: Ս. Կոյսը այո ըսաւ աստուածային հրամանին եւ իր մէջ մարմնացաւ Յիսուսը: Եկէք այս սքանչելի տօնին առթիւ, մենք ալ այո ըսենք աստուածային հրամանին եւ մեր միջոցաւ ալ Փրկիչը երեւիլ դառնայ մարդոց:
Ով ամենասրբուհի եւ շնորհքներով լեցուն Մայր. Դուն բարեխօս եւ պաշտպան ես մարդկութեան: Քեզի կ'աղերսենք լսէ մեր աղօթքը. Կարիքը ունինք, որ քու մայրական քղանցքով ծածկես մեզ, ուր ապահով պիտի ըլլանք ամէն տեսակ փորձանքներէ: Մի թողուր մեզ եւ մեր տարապեալ երկիրը. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ