Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Քալիֆորնիա այցին Բարի Գալուստի արարողութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատոիկան
Ուրբաթ 27 Մայիսին Կլէյնտէլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ապրեցաւ յատուկ պատմական պահ մը, դիմաւորելով իր երբեմնի ժողովրդապետ եւ այժմ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը որ հովուապետական այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ` տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի հրաւէրով։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերանայ Հայր Անտոն Վրդ. Նորատունկեանը, որ երկար տարիներ ապրած ու ծառայած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ այժմ կը ծառայէ Լիբանանի Զմմառու Վանքին մէջ որպէս մատակարար։
Բարի գալուստի արարողութիւն
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հովուական այցելութիւնը սկսաւ բարի գալուստի արարողութեամբ, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ 27 մայիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստս Եկեղեցւոյ մէջ, հրաշափառով եւ Երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ, Հայ կաթողիկէ կղերական դասի անդամներ, Հայկական տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ` ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռէն, Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդը, Հայր Տաճատ Եարտմեան, որպէս ներկայացուցիչ Յովհան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, Էջմիածնի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Վերապատուելի Հենրիք Շահնազարեանը։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մարոնիթ համայնքի եպիսկոպոս` Ապտալլահ Զէյտանը եւ Անթիլիասի աթոռէն վաստակաւոր առաջնորդ`Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը մինչ խորանին սպասաւորութիւնը կատարեցին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու երիտասարդները եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բազմաձայն երգչախումը։
Ներկայ էին նաեւ քաղաքական, ընդերային եւ հասարակական հայկական եւ ամերիկան անձնաւորութիւններ ինչպէս Սենաթոր Անթոնի Փորթանթինոն, Կլէտէլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան, ՀՀ դեսպան Արմէն Պայպուքեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետի օգնական Փօլ Գրիգորեան ու նաեւ հայական զանազան կուսակցական եւ ընկերային ծառայութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս ՀՅԴ, Ռամկավար եւ հնչակեան կուսակցութիւնները, Հայկական բարեգործական Միութիւնը եւ քաղաքացիական աշխարհէն այլ ներկայացուցիչներ։
Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի Բարի գալուստի խօսքը
Ժամերգութեան արարողութեան աւարտին տեղւոյն առաջնորդ` Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը բարի գալուստ խօսք ուղղելով Հոգեւոր Տիրոջ յիշեց թէ ինչպէս Եկեղեցին, որ այսօր կը հիւրընկալէ պատուաւոր հիւրը, կառուցուած է անոր ջանքերով եւ տքնութեամբ. «Այսօր ինծի համար մեծ ուրախութիւնն է այս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած տաճարին մէջ ձեր բոլորիդ անունով բարի գալուստ մաղթել մեր շատ սիրելի Հոգեւոր Տիրոջ` ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքին, բարի եկած Հոգեւոր Տէր։ Բարի Եկած էք ձեր տունը», ըսաւ Գերապայծառ Մուրատեանը որ ապա յիշեց թէ ինչպէս այդ եկեղեցւոյ կառուցումը` որ այսօր դարձած է Թեմին աթոռանիստս Եկեղեցի, կը պարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տարիներու անխոնջ աշխատանքին։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատգամը
Իր կարգին խօսք առնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Ես եկած է տուն ճիշդ է, շնորհակալութիւն յայտնելու գերապայծառ Տիրոջ ու ձեզի բոլորիդ, բայց իմացէք, որ այս գործը ես չ՜ըրի այլ Քրիստոսն է, որ զայն իրականացուց իմ միջոցաւս։ Ես եկած եմ ձեզի փոխանցելու այն ինչ` որ աղօթեցինք քիչ առաջ ժամերգութեան ընթացքին, այն է` որ Աստուած մեր մէջ աւելցնէ յոյսը, սէրը եւ բարեգործութիւնը, որպէսզի արժանի ըլլանք իր ողորմութեան եւ իր ներկայութեան մեր կեանքին մէջ»։
«Աստուած ինծի այսօր տուաւ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն, որ աւելիով եւ աւելիով ծառայեմ Իրեն, ձեզի տալով իր պատգամը` որ սիրէք զիրար ինչպէս ինք մեզ սիրեց։ Շնորհակալութիւն որ եկած էք այս արարողութեան» ըսաւ հուսկ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափակելով իր խօսքը։
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ` Հոգեւոր Տիրոջ այցելութեան առթիւ Եկեղեցւոց մուտքին զետեղուած յուշաքարի օրհնութիւնը, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն եւ հանդիպում Հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ