Յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին կ՝աւարտի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի սրբադասման թեմական դատը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արեւելեան եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ 11էն-15 յուլիս 2022, Վենետիկի Սուրբ Ղազարի կղզիին մէջ գտնուող Հայ Մխիթարեան միաբանութեան վանքէն ներս գումարուեցաւ միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, նախագահութեամբ Լոտի թեմի եպիսկոպոս եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի երբեմնի ենթաքարտուղար, Գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթիին, որ 2022 թուականին սկիզբը Քահանայապետին հրամանով դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան քահանայապետական Պատուիրակ փոխարինելով Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանին։
Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ չորեքշաբթի, 13 յուլիսի յետմիջօրէէն սկսեալ մինչեւ հինգշաբթի, 14 յուլիս ամբողջ օրը, ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուելով ու ժողովի աշխատանքներուն մասնակցելով Արեւելեան եկեղեցիներուն Վերատեսչութեան վերատեսուչ` կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին ուզեց վերահաստատել Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնն ու ուշադրութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներու նկատմամբ, որոնք ողջ հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան թանկարժէք պահապաններ են։
Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն եւ ֆրանսայէն ժամանած Վենետիկի եւ Վիեննայի հասարակութիւններու կրօնաւորները, իրենց փափաքը յայտնեցին ներգրաւելու հոգեւոր ոգեշնչումով օժտուած աշխհարականներ, նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու նպատակաւ ի խնդիր վանքերու եւ կալուածներու լաւագոյն խնամքի եւ բարեկարգումին։
Մխիթար Սեբաստացիի սրբադասման Թեմական դատը
Հինգշաբթի, 14 յուլիսին, մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի իր արտասանած քարոզին մէջ անդրադառնալով Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի սրբադասման դատին ու մեծարելով Անոր եւ միաբանակիցներուն նուիրական գործը, յայտնեց` որ յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին, Վենետիկի Պատրիարք Գերերջանիկ Ֆրանչեսքօ Մորալիայի նախագահութեամբ հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Աստուծոյ ծառայ Մխիթար Սեբաստացիի սրբադասման թեմական դատին աւարտը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ