WhatsApp-Image-2022-08-17-at-10.19.08.jpg

Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու համայնքին վերաբերեալ՝ եկեղեցական, հովուական, կանոնական եւ ընկերային հարցերը քննելէ ետք, Սիւնհոդոսական Հայրերը ընտրութիւն կատարեցին թափուր մնացած աթոռները եւ պաշտօնները օժտելու նոր եպիսկոպոսներով եւ պատասխանատուներով:
Ունկնդրէ լուրը

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական Սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 2022-ի, Օգոստոս 17-22 Զմմառի Փոխման Կուսի մայրավանքին՝ Կաթողիկոսական Աթոռին մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ Արհիապատիւ եւ Գերաշնորհ Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր Եպիսկոպոսներուն: Բացակայ էր Թուրքիոյ ու Կ. Պոլսոյ Թեմին Առաջնորդը:

Սիւնհոդոսին աշխատանքները սկսան սուրբ եւ անմահ պատարագով, զոր մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Զմմառու Վանքի Փոխման Կուսի եկեղեցիին մէջ, մասնակցութեամբ վերոյիշեալ հայրապետներուն, վանքի հասարակութեան եւ դպրեվանքի ժառանգաւորներուն:

Հ. Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու համայնքին վերաբերեալ՝ եկեղեցական, հովուական, կանոնական եւ ընկերային հարցերը քննելէ ետք, Սիւնհոդոսական Հայրերը ընտրութիւն կատարեցին թափուր մնացած աթոռները եւ պաշտօնները օժտելու նոր եպիսկոպոսներով եւ պատասխանատուներով:

1- Ժողովական Հայրապետները ուրախութեամբ ընդունեցան Ծառայ Աստուծոյ Մխիթար Աբբահօր երանացման ու սրբադասման դատի փակման արարողութեան իրենց ուղղուած հրաւէրները եւ իրենց փափաքը յայտնեցին մասնակցելու 8 Սեպտեմբեր 2022-Ին նախատեսուած ձեռնարկներուն Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ:

2- Յատուկ կերպով ուսումնասիրուեցան միջոցները եւ հանգրուանները Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ առաջարկուած Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ ի նպաստ նախատեսուած աշխատանքներուն եւ Ժողովական Հայրերը հրաւիրեցին մեր եկեղեցւոյ վարդապետները, քահանաներն ու հաւատացեալները լրջօրէն եւ անյապաղ մասնակցելու եւ միասին քալելու ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ ի նպաստ եկեղեցւոյ վերանորոգումին եւ յարմարացումին արդի մարդուն մտայնութեան եւ ապրելակերպին:

3- Ժողովական Հայրերը Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ հրաւիրուեցան մասնակցելու Երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման դատի Ա. Բաժնի պաշտօնական բացման հանդիսութեան Հռոմի մէջ, յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուն:

4- Նմանապէս որոշուեցաւ, համագործակցաբար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զոյգ Աթոռներու իշխանութեանց հետ, պաշտօնական եւ հանդիսաւոր կերպով տօնախմբել Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակը, յառաջիկայ տարուան ընթացքին ձեռնարկելով` գիտաժողով, հրատարակութիւններ եւ Ս. պատարագ Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանդիսապետութեամբ, որուն ընթացքին Ներսէս Շնորհալին հռչակուի համամիութենական շարժումին ռահվիրայ ու պաշտպան Սուրբ:

5- Ծիսական, Քրիստոնէականի ուսուցման, քահանայական կոչումներու, երիտասարդաց, ընտանեաց եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբերը հրաւիրուեցան անյապաղ իրենց աշխատանքները աշխուժացնելու եւ յառաջիկայ Սիւնհոդոսին ներկայացնելու իրենց զեկուցումները, ձեռնարկներն ու առաջարկները:

6- Ժողովական Հայրերը նամակագրութիւն մը յղեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յայտնելու համար իրենց յարգանք ու փարումը Ս. Պետրոսի յաջորդին անձին հանդէպ, եւ հայցեցին անոր աղօթքներն ու առաքելական օրհնութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաջնորդներուն եւ հաւատացեալներուն վրայ:

7- Ժողովական Հայրերը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Հայաստանի պետութեան «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած հսկայ պայթումին պատճառով արձանագրուած մարդկային կորուստներուն համար, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն կը մաղթեն շուտափոյթ ապաքինում:

8- Ի վերջոյ, հայրապետները կոչ կ'ուղղեն Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ղեկավարներուն, որպէսզի ունկնդրեն ժողովուրդին իղձերն ու բաղձանքները, եւ իրենց երկիրներուն մէջ հաստատեն խաղաղութիւն, համերաշխութիւն ու արդարութիւն, ինչպէս նաեւ հեշտ կեանքի տարրական իրաւունքներն ու պայմանները ապահովեն:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին նիստերը փակուեցան երկուշաբթի երեկոյեան, հոգեւոր արարողութեամբ՝ Զմմառու մայրավանքի Փոխման Կուսի եկեղեցւոյ մէջ:

Դիւան

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2022, 19:56