DSCF1764.jpg

Լիբանանի մէջ մեկնարկեց ACS-ի «Վերադարձ դէպի դպրոց» ծրագիրը

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական հիմնադրամի նոր արշաւի նպատակն է օգնել կաթողիկէ դպրոցներու 30 հազար աշակերտի և 6 հազար ուսուցչի՝ դիմագրաւելու տնտեսական ճգնաժամը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լիբանանի տնտեսական վիճակը, որ սկսած է անկայուն դառնալ 2020 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթիւնէն ետք, առաւել վտանգի տակ է ուժանիւթի գներու աճի և շատ ընտանիքներու վատթարացող պայմաններու պատճառաւ:

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» (Acs) հիմնադրամի կողմէ մեկնարկած «Վերադարձ դէպի դպրոց» արշաւը նպատակ ունի աջակցելու մօտ 30,000 երիտասարդներու և 6,000 ուսուցիչներու:

Լիբանանի մէջ կ’ապրին մօտ 185 հազար քրիստոնեայ և մահմետական աշակերտ, 6-էն 18 տարեկան, որոնք կը յաճախեն Երկրի 250 կաթողիկէ դպրոցները, ինչը հիմնարար նշանակութիւն ունի կրթական տեսանկիւնէ: Այդ փաստը նաև «քրիստոնեաներու և մահմետականներու միջև յարաբերութիւններու համակեցութեան վառ օրինակ կը հանդիսանայ Մերձաւոր Արևելքին համար»,- բացատրած է ACS International-ի գլխաւոր քարտուղար Ֆիլիփ Օզորէսը:

10 երեխայէն մին կը լքէ դպրոցը

ACS-ի տուեալներուն համաձայն՝ Լիբանանի մէջ արտագաղթի և ֆինանսական միջոցներու բացակայութեան պատճառաւ վերջին տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տասը երեխաներէն մին լքած է դպրոցը։ Հետևաբար, Երկրի մէջ դպրոցները բաց պահելը անհրաժեշտ պայման է քրիստոնէական ներկայութեան շարունակականութեան համար, ուր, ինչպէս կը հաստատէ ACS-ի իտալական մասնաճիւղի տնօրէն Ալեսսանտրօ Մոնթետուրոն, «կրօնագիտութիւնը կը դասաւանդուի գլխաւորապէս կաթողիկէ դպրոցներէն ներս, մինչդեռ՝ աւելի քիչ ծխական համայնքներու մէջ, և, եթէ դպրոցները և կաթողիկէ ուսուցիչները սկսին հեռանալ ֆինանսական միջոցներու բացակայութեան պատճառաւ, ժողովրդագրական հաւասարակշռութիւնը արագ կը փոխուի»:

Արշաւի նպատակով հաւաքագրուած գումարը կը կազմէ աւելի քան երկու միլիոն տոլար

Արշաւի ծիրէն ներս հաւաքած գումարը կը կազմէ աւելի քան երկու միլիոն տոլար, որ կ’օգտագործուի կրթաթոշակները, ուսուցիչներու աշխատավարձերը ապահովելու և մասնաւորապէս հանրակրթական դպրոցներու մէջ կաթողիկէ կրօնի ուսուցիչներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու համար, ինչպէս նաև անհրաժեշտ պարագաներ գնելու և այլ ծրագիրներու համար։

Ըստ ACS-ի՝ Լիբանանը արաբական միակ երկիրն է, ուր քրիստոնեաները աշխոյժ դեր ունին հասարակութեան և քաղաքականութեան մէջ՝ դարեր շարունակ ըլլալով հալածուած քրիստոնեաներու ապաստանը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2022, 08:00