AdobeStock_87239392.jpeg

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ՃԺԷ) հաղորդում

Այսօրուան մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Փառատրութեան երգերուն:

ՃԺԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուան մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Փառատրութեան երգերուն:    

Տէրունական աղօթք՝ «Հայր մեր»ի աւարտին, պատարագիչը կ'օրհնէ ներկաները և խաղաղութիւն կը փոխանցէ, մինչ ժողովուրդը ծունկի գալով երկրպագութիւն կ'ընէ: Յաջորդաբար, դպրաց դասի կողմէ եղանակուած «Միայն սուրբ» երգով կը սկսի փառատրութեան բաժինը:

Այս պահը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մեծ շուք ստացած է, որուն իբրեւ հետեւանք՝ փառատրութեան երգերը ըստ յօրինուածքի շատ Ճոխ զարդախաղեր ունին, գունագեղ ձայնափոխութիւններ, մերթ արագ, մերթ դանդաղ զարդոլորուն ելեւէջներ, որոնք կը գրաւեն ամէն ունկնդրող, ինչպիսին են զոր օրինակ՝ Եկմալեանի և Կոմիտասի միջանկեալ «Ամէն Հայր Սուրբ»ը: Հ. Յովսէփ Գաթրճեանի համաձայն՝ դեռեւս Ե. դարու սկիզբին՝ այս հատուածը գոյութիւն ունէր հայկական Պատարագին մէջ:

Այստեղ կարեւոր է յիշել թէ «Միայն սուրբ»էն մինչեւ փառատրութեան վերջին «Ամէն»ը մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ, և հետզհետէ աճող բերկրանքի և գոհունակութեան ալիքները իրար կը յաջորդեն. ուստի այս գիտակցութեան պակասի արդիւնք է առաջին վանկէն դանդաղկոտ երգեցողութիւնը որ կը վերածուի լալկան ձայնի, փոխանակ ուրախութեան թրթռացումով «մելիզմաթիք» դայլայլներու թեթեւոտն թռիչքով կամարելով բարձրանալու: Ապա կը հնչէ Ս. Երրորդութեան ուղղուած փառաբանութիւնը և օրհներգութիւնը:

Դարձեալ, դպիրներու կողմէ երգուող «Ամէն»ը ի պատասխան պատարագիչին՝ դանդաղ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ գնայուն և թեթեւ, որովհետեւ վերջաւորութիւն չէ, այլ միջակէտ է: Այս հանգրուանին, պատարգիչը Ս. Երրորդութեան անձերը առանձնապէս յիշելէ ետք, զանոնք հաւաքաբար եւս կը փառաւորէ, այնպէս որ երգին ոգեւորութեան թափը և աշխուժութիւնը  պէտք չէ նուազի, այլ ընդհակառակն՝ պէտք է աճի մինչեւ վերջին «Ամէնը»: Ստուգիւ, Թաշճեանական պատարագին մէջ, փառատրութեան երգերը միւս երգերուն նման՝ մեղեդիական մի քանի տարբերակներով գրի առնուած են. «Վասն Կիւրակէից» (Կիրակիներուն երգուող):

«Վասն լուր աւուրց» (Շաբթուայ օրերուն համար): «Վասն տաղաւարաց» (Տաղաւար տօներու համար): Ինչպէս նաեւ՝ «Վասն Մեծի Պահոց» (Մեծ Պահքի համար): Տեղին է յիշել թէ Սրապեանի մշակած պարզ տարբերակը, Թաշճեանի մօտ լուր օրերու պատարագին յատկացուած է: Այս փոփոխակները իրենց եղանակային տարբերութեամբ կը կազմեն այնպիսի հարստութիւն մը զոր պէտք չէ մոռացութեան ենթարկուին: Յամենայն դէպս, ծանր եղանակները ըստ յօրինուածքի և 32 չափի նօթաները միասին և խմբովին երգելն ալ դժուար է. հետեւաբար, աւելի պատշաճ է որ հաւասար և փոխն ի փոխ երգուի մեներգիչներու կողմէ: Դարձեալ, կարեւոր կէտ մըն ալ կայ, որ պէտք է նկատի առնուի միշտ՝ պէտք է ձայնային լաւ տուեալներով դպիր մը ըլլայ որ կարողանայ երգել այս ծանր տարբերակները:

Իրականութեան մէջ, նման ծանր եղանակներ մեծահանդէս և տաղաւար տօներուն, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան և հայրապետական պատարագին կ'երգուին, և ստէպ վանական հաստատութեանց մէջ: Խորքին մէջ, հայկական եկեղեցական երգերու մեծամասնութիւնը, Բիւզանդական Եկեղեցւոյ երաժշտութեան նման՝ ձայնապահութեամբ կը կատարուի, եւ անցեալին նոյնիսկ անհրաժեշտ էր այդ մէկը։ Այսօր ալ ձայնապահութիւնը յաճախ կը կիրարկուի մեր եկեղեցւոյ մէջ, մեներգներու կամ ծանր խմբային երգերու և շարականներու ընթացքին, ինչպէս թափօրի երգերու  պարագային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2022, 08:05