Ռաֆայէլին ըսէ` տեղը թող մնայ ես իրեն հարցերը կը լուծեմ. Կարդինալ Աղաճանեան
Մենք շատ անգամ կ՛ըսենք Աստուած մեր հետ, բայց երբեք հարց չենք տար եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք. Ռաֆայէլ ԻԱ. Մինասեան
28 հոկտեմբեր 2022-ին Հռոմի San Giovanni in Laterano Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած Հայ Ազգի մեծանուն հայրապետ` երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքին սրբադասման դատի թեմական փուլի բացման արարողութեան առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ կաթողիկոս պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանը` Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ արարողութեան նշանակութեան մասին ապա պատմեց իր յիշողութիւններուն մէջ դրոշմուած դէպքեր տրուած ըլլալով, որ ինք մօտէն ճանչցած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեանը։
Ան հաստատեց նաեւ թէ երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը իր կենդանութեան ժամանակ սուրբ էր ու թէ ինք անոր կը պարտի իր Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ նուիրուելու կոչումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ