Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի լրատուական կենտրոնի յայտարարութիւնը Սուրիոյ մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակումներուն ի տես
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Ի պատասխան Քամիշլի քաղաքի, Ճէզիրէի, Հասաքէյի և սահմանամերձ հատուածի միւս գիւղերու դէմ յաջորդական յարձակումներուն՝ որոնց թիրախը հանդիսացան ենթակառուցուածքները, անվտանգ խաղաղ բնակիչները զրկելով ջուրէն, էլեկտրական ցանցերէն և գազի երաշխաւորումէն Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական կենտրոնը հանդէս գալով յայտարարութեամբ հաստատած է, թէ այդ մէկը «մարդու ամենահիմնական իրաւունքներու ոտնահարում է»։
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած այս քաղաքներու և շրջաններու բնակիչներու դիտաւորութեան, որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի ողջ տարածքին մէջ, յատկապէս դէպի Փրկչին Սուրբ Ծննդեան տանող ուղեւորութեան այս ժամանակահատուածին։
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը յոյս կը յայտնէ, որ յարձակողը կը ստանձնէ իր մարդասիրական պարտականութիւնները՝ դադարեցնելու բոլոր տեսակի խախտումները։
«Տիրոջմէ կը հայցենք, որ խաղաղութիւնը սերմանէ ողջ երկրի մէջ և ժողովուրդին ապահովէ անվտանգութիւնը», գրուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի լրատուական կենտրոնին հրատարակած յայտարարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ