Helping-banner.jpg

Գերյ. Գէորգ վարդ. Զապարեանի մտորումներէն. Ան, որ պէտք ունի սիրոյ եւ զօրակցութեան

Արդ, մինչ գնահատելի է ձեռք մեկնել նիւթական քաղցէն տառապողներուն, չմոռնանք ա'ն, որ պէտք ունի սիրոյ, հասկացողութեան եւ նա'մանաւանդ զօրակցութեան, զի ինք եւս մեր մերձաւորն է:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Որքա՜ն տպաւորիչ է ու մխիթարական տեսնել բազմաթիւ երկիրներու կառավարութիւններուն եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն փութաջանութիւնը՝ օգնութեան հասնելու երկրագունտի զանազան բնակավայրերուն մէջ պատահած պատերազմներուն, երկրաշարժներուն, ծովաշարժներուն կամ այլ տեսակ աղէտներու զոհերուն:

Այս բարի սամարացիներուն առաջնահերթ մտահոգութիւնն է սնունդ հայթայթել, մէկ օրէն միւսը ընչազուրկ եւ անօթեւան դարձած բնակչութիւններուն ցաւերն ամոքելու եւ սովը դիմակալելու համար:

Մեզմէ ոչ շատ հեռու, սակայն, չեն պակսիր բազմատեսակ անօթութիւններէ տառապողներն ալ:

Ասոնք կարիք չունին հացի կամ տաք ճաշի, այլ՝ սիրոյ, հասկացողութեան, արդարութեան ու բարութեան: Ասոնց եւս պարտինք ձեռք կարկառել:

Այսօր, սակաւաթիւ չեն անոնք, որոնք կը փնտռեն

- Խօսք մը երախտագիտութեան՝ իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար.

- Խօսք մը գնահատանքի՝ իրենց կատարած բարեգործութիւններուն փոխարէն.

- Խօսք մը շնորհաւորանքի՝ իրենց ձեռք բերած յաջողութիւններուն.

- Խօսք մը վշտակցութեան՝ իրենց կրած սուգին ատեն.

 - Խօսք մը քաջալերանքի՝ իրենց վհատութեան ժամանակ.

- Խօսք մը ամոքումի՝ անկողինին գամուած հիւանդին.

- Խօսք մը ոգեւորում՝ի միայնակութեան մէջ ապրող անոք տարեցին:

Սնունդէն աւելի, վերոյիշեալ անհատները սրտի հարազատ զգացումներով յատկանշուող բարի խօսքի են կարօտ:

Արդ, մինչ գնահատելի է ձեռք մեկնել նիւթական քաղցէն տառապողներուն, չմոռնանք ա'ն, որ պէտք ունի սիրոյ, հասկացողութեան եւ նա'մանաւանդ զօրակցութեան, զի ինք եւս մեր մերձաւորն է:

Ուստի, ուշադիր աչք պտըտցնենք մեր շուրջը, փնտռե'նք այդ տեսակ աղէտեալներ, ու եղբայրական անկեղծ ժպիտով եւ կարեկից նայուածքով զիրենք սրտապնդենք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2022, 08:26