Բերիոյ թեմի կաթողիէ հայոց առաջնորդին շնորհաւորական այցելութիւնը հայրապետական նուիրակ սրբազան Հօր
Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վարդապետներու, քահանայ հայրերու, մայրապետի եւ սարկաւագներու ընկերակցութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան:
Արհիապատիւ Գերապայծառը ջերմապէս շնորհաւորեց Մակար Սրբազանը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակուելուն ուրախ առիթով եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին անունով առողջութեան եւ բարի ծառայութեան մաղթանքներ փոխանցեց, վերականգնումի աշխատանքներու ծիրէն ներս համագործակցելու եւ սուրիահայութեան կեանքը առաւել ծաղկեցնելու հեռանկարով:
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ քոյր համայնքներու երկար տարիներու ծառայութեան եւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Գերապայծառին եւ Մակար Սրբազանին վարած ժողովական կեանքին՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբէն ներս:
Գերապայծառ Տէրը բարեմաղթութիւններ փոխանցելով Հայրապետական Նուիրակ Սրբազան Հօր նուիրեց Մեսրոպ Հայունի վարդապետին «Դանիէլ Վարուժան Հոգեկանութեան Ծիրէն Ներս» լայնածաւալ հատորը:
Աղբիւրը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան դիմատետրը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ