star-gazing-1149228_1920.jpg

Նոր Տարի Առանց Վախի. Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Գալիք տարուայ մէջ, երբ ըսես՝ ես անզօր եմ. Ամենակարող Աստուածը կը պատասխանէ՝ «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»:

Նոր տարուայ սեմին, Աստուածաշունչը մեզի հաստատ խոստում մը ունի, ինչպէս նաեւ մխիթարական պատուիրան մը: «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ. գոհացէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ Աստուած ինք կ՚ըսէ. «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»։ Այնպէս որ, համարձակօրէն ըսենք.– «Տէրն է իմ օգնականս, հետեւաբար չեմ վախնար. ի՞նչ կրնայ ընել մարդը ինծի» (Եբր. 13.5-6):

Կարող ենք ապրել այս գալիք տարին առանց վախի, եթէ հաստատօրէն վստահինք Աստուծոյ խոստումին:

Առաջին հերթին անվախ ապրելու համար, պէտք է սորվինք գոհ ըլլալ: Գոհ ըլլալ կը նշանակէ բաւարարուիլ մեր ունեցածովը, եւ ոչ թէ ստանալ մեր պահանջածները: Ս. Պօղոս իր աշակերտին Տիմոթէոսի կը գրէ՝ « բարեպաշտութիւնը շահի մեծ աղբիւր է՝ իր ունեցածով գոհանալ գիտցողին համար։ Արդարեւ, մեզի հետ ոեւէ բան չբերինք աշխարհ, եւ ոեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։ Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք » (Ա. Տիմ. 6:6-8):

Սուրբ գրային սկզբունքով, եթէ անձ մը հագուելիք ունի իր կռնակին, ուտելիք՝ սեղանին վրայ, առաստաղ իր գլխուն եւ Յիսուս իր սրտին մէջ՝ ան անձը հարուստ է:

Գիտէք ինչո՞ւ կը վախնանք. որովհետեւ կը կարծենք, որ մեր կամ մեր սիրելիներուն կարիքները պիտի չբաւարարուին: Եւ կամ կը վախնանք, որ այն բաները, որ ունինք, կրնանք կորսնցնել:

Մեր սրտերուն ամենախոր կարիքը կարող է բաւարարուիլ միայն Յիսուս Քրիստոսով: Այո՝ չեմ գիտեր, թէ գալիք տարի ինչ բանի պիտի հանդիպիմ: Բայց գիտեմ, որ Ան երբեք պիտի չլքէ ինծի: Հիանալի չէ՞ այս խոստումը։

Ուրիշ պատճառ մը վախի. կարելի է մեծ դժուարութեան մը առջեւ գտնուինք, եւ մէկը չըլլայ մեր կողքին, մեզ օգնելու համար: Աստուած կը խոստանայ, որ երբեք պիտի չթողու մեզ մինակ: Ան հաւատարիմ է եւ միշտ իր խոստումները կը պահէ: Խոստում մը իր վաւերականութիւնը կը ստանայ զայն տուողէն: Ինք ըսաւ՝ «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»: Ան ամենակալ Աստուածն է. հետեւաբար անվարանօրէն կրնանք վստահիլ Իր խոստումին:

Գալիք տարուայ մէջ, երբ ըսես՝ ես անզօր եմ. Ամենակարող Աստուածը կը պատասխանէ՝ «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»: Երբ Ըսես՝ ես կը վախնամ, որովհետեւ չեմ գիտեր թէ ինչ պիտի ըլլայ. Աստուած կ'ըսէ՝ «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»: Իսկ երբ ըսես՝ չեմ գիտիր ի՞նչ որոշումներ առնեմ՝ Ամենագէտ Աստուած կը պատասխանէ՝ «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»:

Ան ըսաւ... Այս բաւարար է ինծի համար:

Ինչպէս վերեւ ըսի, ես չեմ գիտեր, թէ գալիք տարին ինչ պիտի պատահի: Բայց ես գիտեմ, որ Ս. Պօղոսի հետ կրնամ համարձակօրէն ըսել՝ «Տէրն է իմ օգնականս, հետեւաբար չեմ վախնար. ի՞նչ կրնայ ընել մարդը ինծի»: Երբ գտնես քու գոհունակութիւնը եւ վստահիս Յիսուսի, հետեւաբար կը գտնես մխիթարութիւն եւ անվախ ապրելու քաջութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2022, 07:03