Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը «Միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն մարտահրաւէրները եւ իրենց ներկայութեան իմաստը»։

Եկեղեցին, որպէս Աստուծոյ մարգարէական ձայնը այս աշխարհին մէջ, պարտ է զԱստուած լսէ, Իր կամքը հասկնայ եւ զայն փոխանցէ իր ժողովուրդին: Մնալ եւ պայքարիլ, թէ գաղթել եւ հեռանալ: Աստուծոյ մարգարէական պատգամը կրնայ մեր գոյութիւնը իմաստաւորել:
Ունկնդրէ լուրը

Վերջերս շատ մը համագումարները կայացան քրիստոնէական եկեղեցիներու կողմէ, քննարկելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մտավախութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոնց գաղթի եւ թուային իմաստով նուազելու մտահոգիչ երեւոյթին հարցը:

Այս իմաստով Վատիկան իր հերթին յատուկ սինհոտոս գումարեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը ուսումնասիրելու համար:

Սոյն քննարկումներէն ի յայտ եկաւ, որ երկու մօտեցումներ կան քրիստոնեաներու իրավիճակը շօշափող:-

 ա) Առաջին մօտեցումը արեւմտաթեկ տեսակէտն է:

Քրիստոնեան միշտ արեւելքը եւ արեւմուտքը իրարու կամրջելու եւ անոնց միացման օղակը հանդիսանալու հանգամանքին մէջ եղած է: Կամրջումի այդ դերակատարութիւնը նոր չէ, անիկա կու գայ պատմութեան խորերէն:Ան խաղացած է լուսաւորութեան գաղափարները տարածողի դեր, միացնելու արեւմուտքն ու արեւելքը:

Այս իմաստով ալ անոնք միշտ նայած են դէպի արեւմուտք, որու մշակոյթն ու մտածելակերպը առաւել մատչելի է իրենց համար:

Ինչպէս պատմութեան մէջ ալ միշտ եղած է, կարգ մը քրիստոնեաներ իրենց ցաւերուն ու դժուարութիւններուն լուծում գտնելու համար, նայած են արեւմուտք, փնտռելով իրենց ազատութիւնը: Ներկային ալ նման մօտեցում կայ քրիստոնեաներու մօտ:

բ) Երկրորդ մօտեցումը այն է, թէ կարենաք, յանուն համերաշխ ապրելուն, զիջողական կեցուածքով մը ձեւ մը որդեգրել գոյակցաբար  ապրելու համար աշխարհի այս հողատարածքին վրայ:  

Վերջին տարիներուն իսլամ - քաղաքական շարժումներու ընդարձակումով, նաեւ տեղ գտան ահաբեկչական գործողութիւններ եւ սպանութիւններ, որոնք ահաւոր հետեւանքներ ունեցան քրիստոնեաներուն վրայ, վախ ու սարսափ սփռելով ամենուր:

Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ է նաեւ արաբ – հրէական բարդ խնդիրը, որ մնայուն բախումներ եւ խռովութիւններ կը յարուցանէ ամէն ժամանակ:

Այս բոլորին դիմաց քրիստոնեան կը կանգնի որպէս հանդիսատես, անոնց ահարկու հետեւանք կրելով:

Երկու տարիներ առաջ 2020 թուականին, երբ լիբանանցի քրիստոնեաներ Մեծն Լիբանանի հիմնումին 100-ամեակը կը տօնախմբէին, անոնց դիմաց գլխաւոր հարցերն մէկն էր՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել իրենց գոյութիւնը լիբանանեան հայրենիքէն ներս, վերոյիշեալ պայմաններու տակ:

Այս բոլորը յիշելէ ետք կարգ մը հարցադրումներ կը ծագին քրիստոնեային դիմաց:-

1)   Արդեօ՞ք իսկապէս քրիստոնեան գոյութենական վտանգի տակ է Միջին Արեւելքի մէջ:

2)   Արդեօ՞ք քրիստոնեան կրնայ խաղաղութեան եւ հաշտութեան միջնորդն ու բարեխօսը ըլլայ:

3)   Կարելի՞ է քրիստոնեան խաղաղութեամբ ապրել, առանց օրէնսդրական կանոններու, որոնք կրնան ապահովել անոնց իրաւունքները:

4)   Պէտ՞ք է քրիստոնեան աւելի մխրճուի քաղաքական կեանքին մէջ:

Շատ մը հարցադրումներ կան, որոնք կարիքը ունին քննարկումի, նախ քրիստոնեայ համայնքները իրենց միջեւ, ապա միւս կրօնքներու հետ:

Քրիստոնէութիւն հաւատք ու կրօնք ըլլալով, ունի իր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւն: Որպէս այդ՝ ան եղած է ռահվիրայ գրական, գիտական, բժշկական եւ այլ մարզերու մէջ: Հետեւելով իր Տիրոջը պատուիրանին, քրիստոնեան եղած է «լոյսը եւ աղը» իր ապրած միջավայրին մէջ: Աստուածային  ուսուցումներու լոյսին տակ հիմնած է նոր քաղաքակրթութիւն մը, որուն հիմքը սէրն ու խաղաղութիւնն է:

Ապրիլ Աստուածային պատուիրանները այլ քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի տէր ժողովուրդներու մէջ, ունեցած է եւ ունի իր մարտահրաւէրները: Հարցեր միշտ խաղաղ եւ հեզասահ չեն եղած. այլ ընդհակառակը աղէտներ եւ հալածանքներ միշտ մահուան սարսափը տարածած եւ վտանգի ահազանգ հնչեցուցած են:  

Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, այս բոլորին դիմաց որոշում առնելու կարիքը կայ ներկայիս: Երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի՝ թէ Քրիստոնեայ – Քրիստոնեայի հետ, եւ թէ Քրիստոնեայ – իսլամի հետ: Քրիստոնեան քաղաքական կեանքին մէջ առաւել եւս պէտք է մասնակցի, որպէս զի աշխատի քաղաքացիական օրէնսդրութեամբ քաղաքացիական իրաւունք ապահովէ իր ժողովրդին:

Կը մնայ մեծագոյն հարցումը՝ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը քրիստոնեային համար:

Այս հարցումին պատասխանը կրնայ մեզի զօրեղ խթան հանդիսանալ, դիմագրաւել մեզ դիմակալող բոլոր դժուարութիւնները: Եկեղեցին, որպէս Աստուծոյ մարգարէական ձայնը այս աշխարհին մէջ, պարտ է զԱստուած լսէ, Իր կամքը հասկնայ եւ զայն փոխանցէ իր ժողովուրդին: Մնալ եւ պայքարիլ, թէ գաղթել եւ հեռանալ: Աստուծոյ մարգարէական պատգամը կրնայ մեր գոյութիւնը իմաստաւորել: Եւ այն ժամանակ մեր գոյութիւնը աշխարհի այս խռովալի շրջանին մէջ, կը դառնայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ընդարձակելու անզուգական միջոց:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2022, 09:48