2022.10.18   Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (9)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեան Եպիսկոպոսի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան և օծման (1937-1962):

Թ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեան Եպիսկոպոսի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան և օծման (1937-1962):

26 Հոկտեմբեր 1937-ին, կը վախճանի ծերունազարդ Հայրապետ՝ Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, սուգի մատնելով Հ. Կ. Համայնքը: Նոյն տարուայ 30 Նոյեմբերին, Հ.Կ. Եպիսկոպոսաց ընտրական սիւնոդը կը գումարուի Պէյրութի Հ.Կ. Պատրիարքարանին մէջ, որուն կը մասնակցի նաեւ Աղաճանեան եպիսկոպոսը: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երէց արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսներն ու թեմակալ առաջնորդները, 42-ամեայ և միայն երկու տարուայ եպիսկոպոս՝ Գերպծ. Աղաճանեանի անձին մէջ կը տեսնեն իրենց փոքրիկ հօտին արժանաւոր հովուապետը:

Պատրիարքական ընտրութեան առաջին նիստին իսկ, առաջին քուէարկութեամբ՝ Գերապայծառ Աղաճանեան իր 42 ամեայ հասակին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք կ'ընտրուի, ստանալով Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը, ի յարգանս Հայոց Մեծ Լուսաւորիչ Հայրապետին: Այդ պահուն, Աղաճանեան, խորապէս յուզուած՝ արցունքը աչքերուն, պահ մը լռութենէ ետք, կ'ընդունէր իր ընտրութիւնը, յայտարարելով. «Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծո՛յ. ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգի՛ս. իսկ Խաչը ամբո՛ղջ ու միա՛յն Խաչը ինծի՛»:

Յամենայն դէպս, «Հակառակ այն իրողութեան որ, Հայ Կաթողիկէները քիչ մը սառնութեամբ ընդունած էին այդպիսի երիտասարդ եպիսկոպոսի մը ընտրութիւնը Պատրիարքական Աթոռին, բայց և այնպէս Պիոս ԺԱ. Սրբազան Քահանայապետը իմանալով Աղաճանեանի ընտրութիւնը՝ ուրախութեամբ կը վաւերացնէ և կը հաստատէ զայն, հետեւեալ վկայութիւնը տալով՝ թէ աւելի լաւ ընտրութիւն անհնարին էր ընել» որովհետեւ անձամբ կը ճանչնար ընտրեալը (Յուշեր, Զոհրապեան Եպս. Կիւրեղ, 2007, էջ 279):

Արդարեւ, նորընտիր Պատրիարքին հայրապետական օծումը և գահակալութեան արարողութիւնը մեծ հանդիսութեամբ տեղի կ'ունենայ 5 Դեկտեմբեր 1937-ին, Պէյրութի մարոնիներու Ս. Գէորգ Աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ: Ապա նորընտիր Հայրապետը Դեկտեմբեր 7-ին  կը մեկնի դէպի Հռոմ, Պալիումին (Եմիփորան Քահանայապետական) ընկալումին համար, որ տեղի կ'ունենայ Դեկտեմեր 13-ին: Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը այս առթիւ Հայաստանեայց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Աթոռին հանդէպ իր սէրը յայտարարելէ ետք՝ կ'աւելցնէ. «Սրտի անպատում հրճուանքով կը սպասէի նորընտիր Հայրապետի գալուստին՝ իմ սիրելի Գրիգոր Աղաճանեանին»:

1937-1945, իր ութամեայ Կաթողիկոսութեան ընթացքին, որուն վեցամեան անցած էին համաշխարհիկ պատերազմի աղէտներուն մէջ, Աղաճանեան Կաթողիկոս ամէնուրեք հիմնեց եկեղեցիներ, վարժարաններ, բացաւ նորանոր առաքելութիւններ, դառնալով առարկայ յատուկ ուշադրութեան Ընդհ. Եկեղեցւոյ Դիտապետին, որ յետագային պատուեց զինքը Կարդինալական պատիւով:

Իրօք, Աղաճանեան Կաթողիկոսը խորապէս գիտակից էր իր Հայրապետական կոչումին, հայրերու հայրութեան. իր Քրիստոսանուէր առաքելութեան ու գործունէութեան բնաբանն ընտրած էր Եսայեայ մեսիական պատգամը՝ «Մի՛ աղակեսցի և մի՛ վիճեսցի, և մի՛ ոք լուիցէ արտաքոյ զբարբառ նորա. Զեղէգն ջախջախեալ մի՛ բեկցէ, և զպատրոյգն առկածեալ մի՛ շիջուսցէ»:

Գիտակից ըլլալով որ միայն անկեղծ սէրը ու արդարամիտ կորովը կը վերաշինէ, կը խուսափի ուժէ և հեղինակութենէ: Ահա համառօտիւ Աղաճանեանի անձնական դիմագիծը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2023, 08:05