Սինոդի բացման պատարագ Սինոդի բացման պատարագ 

Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոսի եզրափակիչ յայտարարութիւնը։

Յայտարարութեան ընթերցումը կատարեց Մարոնիներու Պատրիարք` Վսեմաշուք Կարդինալ Պշարա Ալ Ռային որ ամփոփումն էր սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին առթիւ շօշափուած կարեւոր նիւթերուն։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 17 Փետրուարին վերջ գտաւ անցեալ երկուշաբթի օր` 13 Փետրուարին, Լիբանանի Հարիսայի շրջանի Պեթանիա կեդրոնին մէջ սկիզբ առած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ցամաքային սիւնհոդոսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին համայն Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ այդ եկեղեցիներու Պատրիարքներուն։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կարդինալ Մարիօ Կրէքը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը եւ Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Հաւաքի աւարտին առիթով հրապարակուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որուն ընթերցումը կատարեց Մարոնիներու Պատրիարք Վսեմաշուք Կարդինալ Պշարա Ալ Ռային եւ զոր ամփոփումն էր սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին առթիւ շօշափուած կարեւոր նիւթերուն։

«Մենք եւ մեր Աստուծոյ աղօթող Ժողովուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրբ Հոգիին, որ մեզ առաջնորդեց միասին ի սպաս սիւնոհոդոսական Եկեղեցւոյ ու մեզ ներշնչեց աղօթելու միասին հաղորդութեան, մասնակցութեան եւ առաքելութեան մէջ, այս Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ցամաքային սիւնհոդոսական Հաւաքին, որ համախմբեց կաթողիկէ ընտանիքը իր եօթ պատրիարքական եկեղեցիներով Պեթանիա – Հարիսայի մէջ, 13էն 17 Փետրուար 2023ին» կը կարդանք վերոնշեալ եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ու ապա մատնանշում կը կատարուի շրջանին ապրած ծանր տագնապին ու մասնաւորապէս Սուրիան եւ Թուքրիան հարուածող երկրաշարժին ու անոնց համար սիւնհոդոսի ընթացքին բարձրացած աղօթքներուն։

Շնորհակալական խօսք արտայայտուելէ ետք բոլոր մասնակցողներուն, 13 կէտերու մէջ ներկայացուեցան շօշափուած նիւթերը.

1 - Սիւնհոդոսականութիւնը և մեր արևելեան եկեղեցիներու ժառանգութեան էութիւնը.

2- Միասնութիւնը բազմազանութեան մէջ՝ Եկեղեցիներու առաքելութեան, մասնակցութեան ու վկայութեան միութեան մէջ։

3 – Միակ առաքելութեան որպէս հիմք եկեղեցիներու միասնական արմատները

4 - Աշխարհականներու ներկայութիւնն ու տաղանդները Քրիստոսի Մարմնի ծառայութեան մէջ, երիտասարդներու դերը, անոնց կարողութիւններն ու ակնկալիքները նորոգուած Եկեղեցւոյ համար կ՛ արտացոլան անոնց առջև ծառացած մարտահրաւէրները:

5 – Կնոջ դերն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ որոշումներու գործընթացին մէջ եւ ծառայութեան։

6 – Ծէսը մեր կեանքն է եւ կոչ ի նպաստ ծիսակատարութեան նորոգումին որ համահունչ ըլլայ երիտասարդներու ձգտումներուն, շարունակելով պահել իր էութիւնը եւ իր խորհրդանիշերը։

7 – Հրաւէր դէպի ստեղծագործ եւ վերանորոգուած համամիութիւն եւ խթանում համամիութենական երկխօսութեան։

8 – Բաց Եկեղեցի մը միւսներուն առջեւ որոնք տարբեր են եկեղեցական եւ կրօնական գետի վրայ, ունկնդրութեան, երկխօսութեան, միութեան, համակեցութեան եւ համագործակցութեան ու փոխադարձ յարգանքի մէջ, ցոյց տալու համար միակ Աստուծոյ դիմագիծը։

9 – Հաղորդութիւն եւ յոյս տառապանքին մէջ, Դէպի խոնարհ Եկեղեցի մը նման մանանեխի հատիկին (Մատթ. 13/31-32), կոչուած աճելու վերապրելու եւ գաղթականութեան մերժումի մարտահրաւէրին միջեւ։

10 – Առաքելութիւնն ու վկայութիւնը եւ նորոգուած կառոյցներ աւելի սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի նպաստ։

11 – Յատուկ ու մասնագիտական հովուական խնամք ուղղուած ընտանիքին, կիներուն եւ երիտասարդներուն։

12-Թուային լրատուամիջոցներու և մշակոյթի կարևորութիւնը՝ որպէս արդիւնաւէտ հաղորդակցման գործիք` եկեղեցւոյ ձեռքերուն մէջ՝ աւելի լիարժէք կերպով փոխանցելու համար իր պատգամը։

13 – Յարատեւել սիւնհոդոսական հոգիով տեղական Եկեղեցիներու գետնի վրայ հիմնական հարցումի հիման վրայ. Ի՞նչպէս կրնայ իւրաքանչիւր Եկեղեցի ըլլալ աւելի սիւնհոդոսական այս Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ցամաքամասային Ժողովի լոյսին տակ։

Յայտարարութիւնը ապա կ՛աւարտի հրաւէրով մը` որպէսզի յառաջիկայ 20 Փետրուարին սկիզբ առնող քառասնորդաց պահքի շրջանը ըլլայ պատեհ առիթ ունկնդրելու համար թէ ի՞նչ կ՛ըսէ Սուրբ Հոգին մեր Եկեղեցիներուն մինչ կ՛ունկնդրենք Աստուծոյ Խօսքը, կ՛աղօթենք ու կ՛ապաշխարենք ու բարի եւ ողորմութեան գործեր կը կատարենք մեր կարիքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու նկատմամբ, «Բարեխօսութեամբ Լիբանանի Տիրամօր` Եկեղեցւոյ Մայր եւ Առաքեալներու Թագուհի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2023, 16:28