խաչեալ Յիսուս խաչեալ Յիսուս 

«Ծոմապահութիւն» Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ծոմապահութիւնը ունի երկու կողմեր՝ ֆիզիկական և հոգեւոր։ Առաջինը՝ կ'առաջարկէ մեզ հեռու մնալ հարուստ սնունդներէ՝ ինչպէս կաթնամթերքը, հաւկիթը եւ բոլոր տեսակի մսեղէնները։ Իսկ հոգեւոր ծոմը կը բաղկանայ՝ չար մտքերէ, ցանկութիւններէ եւ գործերէ հեռու մնալու մէջ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ կը մօտենանք քառասնօրեայ ծոմապահութեան ժամանակաշրջանին:

Հին Կտակարանէն գիտենք, որ Աստուած պահքը հաստատեց Եդեմի դրախտին մէջ, երբ ըսաւ՝ «Բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»» ( Ծննդ. 2։17 ): Այստեղէն յստակ է, որ ծոմապահութիւնը կար Ադամի եւ Եւայի կեանքէն ներս «սկզբնական մեղքէն» առաջ. եւ թէ՝ Աստուած չպատուիրեց ծոմապահութիւնը, որպէս մեղքերը բուժելու ձեւ մը: Դրախտին մէջ ծոմապահութիւնը բաղկացած էր որոշակի սնունդէ մը, այսինքն՝ «ծառի պտուղներէ» հրաժարելէ: Բարիի եւ չարի գիտութեան ծառը ստեղծուած էր Աստուծոյ կողմէն, որպէս մարդուն ինքնատիրապետումի եւ հոգեւոր աճի միջոց: Այս կը նշանակէ, որ դրախտին մէջ առաջին մարդը կատարեալ չէր, այլ աստուածային պատուիրաններու հետեւելով, պէտք էր որ աճէր՝ աստուածային նկարագրով եւ նմանութեամբ:
Այսպէս հասկցուած է ծոմապահութիւնը եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին: Նշանաւոր աստուածաբան Հ. Ալեքսանդր Շմեմանը, խօսելով Հին եւ Նոր Կտակարանի պահքի հասկացողութեան մասին, կը գրէ՝ «Առաջինը Ադամին դրախտէն վտարուելու պատճառը՝ «պահքի ընդմիջումն էր». ան կերաւ արգելուած պտուղէն։ Քրիստոսը՝ երկրորդ Ադամը, նոր կեանք պարգեւելու իր առաքելութիւնը սկսաւ ծոմապահութեամբ: Ադամը գայթակղեցաւ եւ իր ծոմը ընդհատեց: Անոր մեղքին արդիւնքը եղաւ՝ դրախտէն վտարում եւ մահ: Իսկ Քրիստոսի յաղթանակի պտուղը եղաւ՝ մահուան կործանումը եւ վերադարձը դէպի դրախտ: Հետեւաբար, այս տեսանկիւնէն դիտուած, ծոմապահութիւնը մեզի կը բացայայտուի, որպէս որոշիչ եւ վերջնական կարեւորութիւն ունեցող ճշմարտութիւն մը:

Ծոմապահութիւնը պարտաւորութիւն մը եւ կամ սովորութիւն մը չէ. այլ ան սերտ առնչութիւն ունի կեանքի եւ մահուան, փրկութեան եւ անէծքի հետ: Ս. Մեծն Բարսեղ կը հաստատէ ըսելով՝ «Քանի որ մենք ծոմ չպահեցինք, վտարուեցանք դրախտէն: Եկէք հիմա ծոմ պահենք, որպէսզի դարձեալ օր մը դարձեալ վերադառնանք այնտեղ» ։

Պահքի շատ վառ օրինակներ ունենք Հին և Նոր Կտակարանին մէջ։

Հին Կտակարանին մէջ ծոմը երբեմն կը ներկայացուի, որպէս նախապատրաստութիւն տօնի մը: Բայց ընդհանուր առմամբ այդ Աստուծոյ առջեւ խոնարհութեան նշան է: Պահքը ուղեկից եղած է սուգի եւ ապաշխարութեան։ Վտանգի դիմաց եւ կամ անհրաժեշտութեան ժամանակ՝ կարեւոր էր, որ անհատ մը կամ ամբողջ համայնքը ծոմ պահեր: Պահքը կը զօրացնէ շտապ աղօթքը: Որքան լուրջ ըլլան պարագաները, այնքան եռանդուն պէտք է ծոմապահութեամբ աղօթել: Մինչեւ իսկ կարող է աղօթող մարդը թուլանալ սնունդի պակասի պատճառով: Սաղմոս 109։24 կը նշէ՝ «Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։

Ծոմապահութիւնը Նոր Կտակարանին մէջ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէն հաստատուած է: Իր մկրտութիւնէն յետոյ Ան հեռացաւ անապատ, ուր քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր անցուց աղօթքի եւ ծոմապահութեան մէջ: Յիսուս նաեւ պատուիրեց իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն, որպէսզի ծոմ պահեն:

Ծոմապահութիւնը ունի երկու կողմեր՝ ֆիզիկական և հոգեւոր։ Առաջինը՝ կ'առաջարկէ մեզ հեռու մնալ հարուստ սնունդներէ՝ ինչպէս կաթնամթերքը, հաւկիթը եւ բոլոր տեսակի մսեղէնները։ Իսկ հոգեւոր ծոմը կը բաղկանայ՝ չար մտքերէ, ցանկութիւններէ եւ գործերէ հեռու մնալու մէջ:

Պահքի հիմնական նպատակը ինքնիրեն տիրապետելն ու մարմնական կրքերուն յաղթելն է: Այս աշխարհի բաներու կախուածութիւնէն ազատուելու եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բաներու վրայ կեդրոնանալու համար: Հոգիին զօրութիւն տալն է, որպէսզի ան չտրուի գայթակղութեան եւ մեղքին:

Այսօր, կարելի է վստահօրէն ըսել, որ ծոմապահութեան գաղափարը եւ սովորութիւնը անտեսուած է շատրու կողմէ: Ոմանք կ'ըսեն, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կարիքը չունի ծոմ պահելու, քանի որ մենք փրկուած ենք շնորհքով եւ ոչ թէ գործերով: Շատ ուրիշներ սովորաբար ծոմապահութիւնը կը համարեն պարզ եւ միամիտ բան մը: «քսանմէկերորդ դարուն մէջ կ'ապրինք, այդ կանոնները ստեղծուած են անցեալ եւ աւելի պարզ մարդոց համար»:

Այնուամենայնիւ, չնայած մարդոց մեծամասնութեան կարծիքին, մենք պէտք է լրջօրէն վերաբերուինք ծոմապահութեան հետ: Ծոմ պահելը նուաստացման գործողութիւն մը չէ: Ան «փոքրիկ տառապանքը» մը չէ, որպէսզի զԱստուած հաճեցնենք: Ան պատիժ մը չէ, զոր պէտք է ցաւալիօրէն կրենք, մեղքերու թողութեան համար: Ընդհակառակը, քրիստոնեայի համար ծոմ պահելը պէտք է ուրախալի փորձառութիւն մը ըլլայ, քանի որ ծոմը ինքնակարգապահութիւն է, զոր մենք կամաւոր կերպով կը կրենք, որպէսզի աւելի լաւ մարդ եւ աւելի լաւ քրիստոնեաներ դառնանք:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2023, 07:00