Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակին ընդառաջ

Հայ երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Վատիկանի Վերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Մեծն Հայրապետ` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակը եւ այս յոբելենական տարւոյն առիթով Հայ Երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, համաձայնութեամբ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց հայրապետներուն, այցելեցին Վատիկանի Քրիստոնեաներու միութեան ու Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնները, երկու Վատիկանեան հիմնարկներու Վերատեսուչներուն առաջարկելու համար Սուրբ Աթոռի հետ միատեղ Հայոց Մեծ Սուրբին նուիրուած շարք մը միջոցառումներու իրականացումը։

Արդարեւ Արհ. Գերապայծառ Վարդան Պօղոսեան, որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ ներկայացուցիչ, Գերշ. Տէր Նարեկ Արք. Ալեմեզեան, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի Վեհափառի ներկայացուցիչ եւ Գերշ, Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան, որպէս Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռի Հայրապետ` Գարեգին Բ-ի ներկայացուցիչ, չորեքշաբթի 15 փետրուարին այցելութիւն Վսեմաշուք Կարդինալ Քիւրդ Քոխին Քրիստոնեաներու միութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ ու Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան նորանշանակ Վերատեսուչ, անոնց հետ քննարկելով վերոնշեալ կարեւոր տարեդարձին առիթով տօնախմբութեան որոշ առաջարկներ։ Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը` Արհ. Պօղոս Եպիսկոպոս Զէքիեան։

Երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ապա այցելեցին ու հանդիպում ունեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանի հետ։

ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութեան այց
ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութեան այց

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2023, 05:32