Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Ս․ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ (1102_1173) - "Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը հարստացնող հայրերը" (5)

Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններն ու կրօնական դպրութիւնը յունարէնով կը կատարուէր, իսկ արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ ասորերէնով: Խուսափելու համար հայ եկեղեցիի ջլատումէն, հարկաւոր էր եկեղեցական-կրօնական արարողութիւնները ըլլային հայերէն լեզուով եւ ոչ օտար լեզուներով, որոնցմէ ժողովուրդը ոչինչ կը հասկնար: (Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան)
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ս․ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին շարականները, բանաստեղծութիւնները ու մատենագրական աշխատասիրութիւնները հայ միջնադարեան տաղերգութեան փայլուն օրինակներ են։ Շնորհալի հայրապետի շնորհիւ է, որ շարական հասկացողութիւնը մուտք գործեց հայ ժողովրդի գիտակցութեան մէջ։

Ծնած է Կիլիկեան Հայաստանի մերձակայքը գտնուող Ծովք ամրոցը, բերդատէր իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի ընտանիքին մէջ։ Ան իր երէց եղբօր հետ ուսում ստացած է Շուղրի Սեւ լերան Կարմիր վանքի եւ Հռոմկլայի մէջ, ուսուցիչ ունենալով Ստեփանոս Մանուկ վանահայրը։ Մինչեւ իր կեանքի վախճանը, 1173, ապրած եւ ստեղծագործած է Հռոմկլայի մէջ, այդ պատճառով կոչուած է նաեւ «Կլայեցի»։ Եղած է Գրիգոր Մագիստրոսի աղջկան թոռը։ Մեծ հօրմէն ժառանգած է քաղաքական գործիչի եւ գրողի ձիրք։ Երկու առումով ալ անգնահատելի դեր կատարած է հզօրացող Կիլիկիոյ հայութեան կեանքին մէջ։ 1113-ին, երբ Ներսէս տակաւին տասնութ տարեկան էր, եղբայրը Գրիգորիս Գ․ Պահլաւունի՝ Կաթողիկոս կը ձեռնադրուի։ Ներսէս իր հերթին եղբօրը ձեռամբ կը ստանայ Եպիսկոպոսի աստիճանը։ 1150-ին կաթողիկոսական գահը կը փոխադրուի Ծովք։ 1166-ին, եղբօր կողմէ հայրապետական օծումը կը ստանայ որպէս կաթողիկոսական տեղապահ ու անոր վախճանումէն ետք՝ կը ստանձնէ հայրապետական գահը որպէս՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Ներսէս Շնորհալի հայրապետ ծառայեց որպէս կաթողիկոս մինչեւ իր վախճանը՝ 1173-ին։ Ան յօրինած է բազմաթիւ շարականներ, տաղեր, մեղեդիներ, աղօթքներ, հայրապետական թուղթեր, նամակներ, դաւանաբանական գրութիւններ եւ առակներ։ Իր հիասքանչ շարականներէն են՝ «Խորհուրդ խորին», «Արարչական բանի», «Խաւարն անգոյ»․ «Առաւօտ լուսոյ» (զոր դարեր շարունակ լայն ժողովրդականութիւն վայելած է), «Նորահրաշ պսակաւոր» (զոր նուիրուած է Աւարայրի հերոսներուն)։ «Այսօր անճառ», «Երկնաւոր փեսային», «Դրախտ նորազուարճ», «Լոյս ի լուսոյ», «Հաւատով խոստովանիմ»։ Քերթուածներ՝ «Վիպասանութիւն», «Բան հաւատոյ»...    
Ներբողներ՝ «Ներբող Ս․ Խաչին», «Ներբող Հրեշտակաց»...     
Թուղթեր՝ «Թուղթ ընդհանրական»...

Շնորհալին գրած է ուսուցողական բազմաթիւ ոտանաւորներ։ Անոնք յօրինուած են ընթերցողի ազգային արժանապատուութիւնը դաստիարակելու, կրթելու, բազմապիսի օգտակար գիտելիքներ տալու նպատակաւ։ Այսպիսի ստեղծագործութիւններ են նաեւ Շնորհալիի հանելուկները։ Հանելուկի ժողովրդական բանահիւսութեան այդ հնագոյն տեսակի գրական մշակման եւ դասական կատարելագործման փաստը կապուած է Շնորհալիի անուան հետ։

Իրմէ յայտնի են աւելի քան 300 հանելուկներ, որոնք հեղինակը ստեղծած է ինչպէս պատանիներու, այնպէս ալ հասուն մարդկանց համար, որպէս զի անոնք զանազան հաւաքոյթներու ժամանակ անբովանդակ խօսակցութիւններով տարուելու փոխարէն՝ ունենան ժամանցի օգտակար միջոց։ Անոր հանելուկները կը վերաբերին քրիստոնէական կրօնին, բնութեան, կեանքի, կենցաղի, հայոց պատմութեանն ու մշակոյթին։

Ս․ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը միջնադարու լաւագոյն մատենագիրներէն մէկն է։ Որպէս հայ եկեղեցւոյ պետ՝ ան գրած է բազմաթիւ հայրապետական թուղթեր ու նամակներ, որոնք ունին բարոյախօսական բնոյթ։ Իսկ իր գրած շարականները կը կազմեն հայ եկեղեցւոյ պաշտօնական երգերը։ Շնորհալիի ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը «Ողբ Եդեսիոյ» պոէմն է, գրուած 1145-ին։ Նիւթը՝ ինչպէս վերնագրէն կարելի է կռահել 1144-ին Եդեսիա քաղաքին բարբարոսական կողոպուտն ու կոտորածն է՝ Հալէպի Զանգի ամիրային կողմէ։ Կը նկարագրէ նաեւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութիւնն ու հայրենիքի սիրոյն կատարուած զոհաբերութիւնները։ Քաղաքին դժբախտութիւնը ողբալով հանդերձ կը դրսեւորէ որոշ լաւատեսութիւն հայ ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ եւ կը յուսայ, որ օր մը պանդխտած իր զաւակները կը յաջողին փոխվրէժի դիմելով վերականգնել արդարութիւնն ու իրաւունքը։

Ս․ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը եղած է միջքրիստոնէական եկեղեցիներու համագործակցութեան ջատագով եւ եկեղեցական բարեկարգիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2023, 08:31