Վարդանանց տօնակատարութիւն՝ Քեսապի մէջ Վարդանանց տօնակատարութիւն՝ Քեսապի մէջ 

Վարդանանց տօնակատարութիւն՝ Քեսապի մէջ

Յայտագիրը կ'ընդգրկէր Վարդանաշունչ երգեր, բանաստեղծութիւններ, նուագ ու տեսերիզ։

Կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ երեք համայնքներուն, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023֊ի կէսօրուան ժամը 12։00֊ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ Հայ երեք վարժարաններու աշակերտներուն։ Յայտագիրը կ'ընդգրկէր Վարդանաշունչ երգեր, բանաստեղծութիւններ, նուագ ու տեսերիզ։ Օրուայ հանդիսավարուհին` Օրդ. Դալար Լնդեան, հերթաբար նաեւ հրաւիրեց երեք հոգեւոր հայրերը, փոխանցելու օրուան պատգամը։  Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։ Օրուան բանախօսն էր` Պատուելի Շանթ Ակիշեան։ Աւարտին, փակման խօսքը կատարեց` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, որուն ընթացքին ան հրաւիրեց հոգեւոր եղբայրները ու բոլոր Վարդան անունը կրողները որպէսզի փոքրիկ յուշանուէրներով շնորհաւորեն անոնց անուանակոչութեան տօնը։

Յայտագիրը հասաւ իր լրումին Պահպանիչով ու "Կիլիկիա" մաղթերքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2023, 21:25