Եկեղեցական Գիտելիքներ Ե. Շաբաթ Քառասնորդաց Դատաւորի շաբաթ (19_26 Մարտ 2023)
Քառասնորդաց հինգերորդ շաբաթը անիրաւ դատաւորի նուիրուած շաբաթն է. Անշուշտ օրինակը որ մեզի կ՛ուզէ տալ Քրիստոս այս առակով դատաւորը չէ, այլ աղքատ այրի կինը, որ չի դադրիր աղօթելէ եւ պաղատելէ որպէսզի իր դատը տեսնուի եւ իր իրաւունքը կարենայ ստանալ։ Որքա՜ն անձեր աշխարհիս վրայ իրաւազրկուած կը մնան, կամ որովհետեւ դատաւորը անարդար է, կամ որովհետեւ հարկ եղած միջոցները չունին իրենք զիրենք յարմարագոյն կերպով պաշտպանելու։ Այսօրուայ առակին մէջ` այս երկու պարագաներն ալ իրարու կը հանդիպին. Սակայն ի վերջոյ այրին իր իրաւունքին տէր կը դառնայ շնորհիւ իր անձանձրոյթ յարատեւութեան։
Առակի վերջաւորութեան` Քրիստոս հարցում մը կ՛ընէ որ տեղին է, մանաւանդ այս օրերուս համար։ Կը հարցնէ. Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ Յիսուս հաւատքի մասին կը խօսի, որովհետեւ աղօթքի միջոցաւ է որ հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի կը հաստատուի։
Ուստի աղօթքը, մանաւանդ յարատեւ աղօթքը, հաւատացեալին մէջ կը յառաջացնէ գիտակից հաւատք մը, որ զինք կը դարձնէ կարող միշտ մօտ ըլլալու Աստուծոյ եւ գործելու անոր սուրբ կամքին համաձայն։
Շաբաթ 25 Մարտին կը յիշատակուի Աստուածածնայ աւետումը Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ, Աւետումը Քրիստոսի կեանքին սկզբնաւորութիւնն է աշխարհի վրայ, Մարիամ նոյն օրը կը յղանայ Աստուծոյ Որդին իր արգանդին մէջ, Սուրբ Հոգւոյ ազդեցութեամբ: Ի դէպ՝ հայ առաքելական եկեղեցին նոյն տօնը (Աստուածածնայ Աւետումը) կը կատարէ ապրիլ 6_ին, քանի որ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6_ին:
Կիրակի 26 Մարտը՝ քառասնորդաց Զ. Կիրակին, Գալստեան կիրակի է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ