«Յառա'ջ տար նաւակը՝ դէպի բացերը...». Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Երբեմն այն տպաւորութիւնը կ'ունենանք, որ Աստուած մեզի հետ չի' հաղորդակցիր եւ լուռ կը մնայ:
Այս կապակցութեամբ, աղօթասէր հաւատացեալ կին մը կ'ըսէր. «Հայր Աստուած ամուսինիս պէս է. խուլ կը ձեւացնէ եւ մտիկ չ'ըներ ըսածիս»: Ուրիշ մը կը յարէ. «Տէրը Իմ հոգեբանիս պէս է, ինք չի' խօսիր, այլ՝ ինծի խօսիլ կու տայ»:
Հակառակ ամէն երեւոյթի, Աստուած մեզի մտիկ կ'ընէ ու մեզ անընդհատ կը հրաւիրէ Իրմէ հրահանգուելու, եւ մեր կամքը Իր կամքին համաձեւելու:
Հրաշագործ ձկնորսութեան Աւետարանը կը սկսի ձախողանք մը պարզելով:
Յուսալքուած՝ Սիմոն (Պետրոս առաքեալը) կը գիտակցի, թէ ինք եւ ընկերները ի զուր տեղ աշխատեր են ձուկ որսալու. «Վարդապետ, ամբողջ գիշերը վաստակեցանք եւ բան չբռնեցինք» (Ղուկաս 5, 5):
Մեր կեանքին մէջ նման փորձառութիւններ բազմաթիւ են:
Արդարեւ, քիչ չեն ձախողանքները ամուսնութեան, զաւակներու կրթութեան, մեր աշխատանքին եւ մեր առած որոշումներուն մէջ:
Ո'չ ոք բոլորովին զերծ է այս ցաւալի եւ խոնարհեցուցիչ պահերէն:
Եկեղեցւոյ պարագան ալ նոյնն է: Ան տագնապից պահեր կ'ապրի ամէն անգամ, որ
- Եկեղեցականներ գայթակղութիւն կը պատճառեն.
- Եկեղեցիներ կը փակուին ու կը վաճառուին.
- Քահանայական կոչումները կը նուազին.
- Քրիստոնեայ ընտանիքներուն զաւակները եկեղեցիէն կը հեռանան.
- Երիտասարդները Ս. Խորհուրդներուն չեն մօտենար, եւ
- Չափահասները փոքրերուն բարի օրինակ չեն տար:
Յաճախ, կը վհատինք ի տես եւ ի լուր եկեղեցւոյ նկատմամբ կարգ մը քրիստոնեաներուն ցուցաբերած անտարբերութեան, գաղջութեան, անհարկի ու նենգամիտ քննադատութիւններուն:
Սակայն, Յիսուսի խօսքը՝ «Յառա'ջ տար նաւակը՝ դէպի բացերը եւ ուռկանները նետեցէք որսալու համար» (Ղուկաս 5, 4), կոչ մըն է վստահութեան:
Տագնապի ատեն, փոթորիկի ժամանակ, Յիսուս մեզ եւս կը հրաւիրէ յառաջանալու ջուրերուն բացերը եւ առանց յուսալքումի բազմապատկելու ջանքերը, որպէսզի Իր խօսքի զօրութեամբ մեր մտավախութիւններն ու յուսալքումները յաղթահարենք:
Ա'յս է խորքային իմաստը Հրաշագործ Ձկնորսութեան աւետարանական դրուագին:
Յոգնած, վհատած ու գիտակից, թէ օր ցերեկով գրեթէ անկարելի է որսալ, ձկնորս Սիմոնը անվարան եւ լիուլի վստահելով Տիրոջ խօսքին՝ կը հաւանի ուռկանները ծով նետելու. «Վարդապետ, թէեւ ամբողջ գիշերը վաստակեցանք եւ բան չբռնեցինք, սակայն քու խօսքիդ համար ուռկանները կը նետենք» (Անդ , 5, 5):
Դէպքին ճշմարիտ հրաշքը, որ մեզի կը պատմուի, պատռտելու չափ ուռկաններուն ձուկերով լեցուիլը չէ', այլ, Յիսուսի խօսքին անսալով՝ Առաքեալին սիրայօժար ընդառաջումն է Յիսուսի հրահանգին:
Առ այդ, Աւետարանի ճամբով մեզի հասնող Յիսուսի պատգամներուն մտիկ ընելով՝ վերաքաջալերուինք, մեր բոլոր ներոյժները ու բոլոր կարողութիւնները Անոր տրամադրութեան տակ դնենք՝ ընտանեկան, կրթական, պաշտամունքային, քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մԷջ, մեր դոյզն գործակցութիւնը բերելու համար ժամանակակից աշխարհի բարելաւման ու սրբացման, քաջ գիտնալով, թէ Տիրոջ խօսքին վրայ խոկալով ու զայն ի գործ դնելով միայն կ'արդիւնաւորուին մեր թափած ջանքերը:
Հետեւաբար, Մեծ Պահքի շրջանին, յաճախ դիմելու ենք Քրիստոսի Աւետարանին Անկէ հրահանգուելու եւ Սաղմոսերգուին հետ առ Տէր գոչելու. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (Սաղմոս 119,105):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ