Սուրբ Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած Հայ նահատակներու մասունքները Սուրբ Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած Հայ նահատակներու մասունքները  

20 եւ 21րդ դարերու նոր նահատակներու նուիրուած յուշահամալիրի բացում` Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս տաճարէն ներս։

Անոնց շարքին են նաեւ Ի դարու հայոց ցեղասպանութեան զոհ նահատակները։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 23 Մարտ 2023ի երեկոյեան ժամը վեցին, Հռոմի «Թիպերինա» կոչուած թեվերէ գետին վրայ կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան պազիլիքային մէջ բացումը պիտի կատարուի «20 եւ 21րդ դարերու նոր նահատակներու նուիրուած յուշահամալիրին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սանդ էճիտիոյ հասարակութիւնը, որուն հոգատարութեան յանձնուած է կղզիին եկեղեցին։

«San Bartolomeo all’Isola» պազիլիքան վայր է ուխտագնացութեան եւ հանդիպումի։ 1993ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կամքով յանձնուեցաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան, որ այնտեղ կը կազմակերպէ աղօթքներ ու ծիսակատարութիւններ ու քովնտի սրահը կ՛օգտագործէ աղքատներուն ի նպաստ գործունէութիւններու համար։

Մարտիրոսներու յիշողութեան վայր

2000ի Յոբելենական Տարւոյն աւարտին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը ուզեց որ պազիլիքան դառնայ Նոր Մարտիրոսներու յիշողութեան վայր եւ այդ օրէն պազիլիքային նուիրուեցան քսան եւ քսանմէկերորդ դարու նահատակները յիշատակող հարիւրաւոր մասունքներ. դառնալով բոլոր քրիստոնեայ դաւանանքներու հաւատացեալներու համար ուխտագնացութեան վայր մը։

Նոր յուշահամալիրի մէջ պիտի ցուցադրուին բոլոր ցամաքամասերէ ժամանած մասունքներ և վկայութիւններ` համայնավար ու նացիական վարչակարգերու նահատակներուն, անոնց` որոնք զոհուեցան աղքատներուն ի սպաս մատուցած ծառայութեան համար, խաղաղութեան, երկխօսութեան, արդարութեան նահատակներուն, միսիոնար նահատակներուն պիտի տեղադրուին նաեւ Մերձաւոր Արևելքի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն մասունքները՝ սկսեալ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ սպաննուած հայերէն։

Հազար թուականին կառուցուած գետնադամբանը

Յուշահամալիրը կը գտնուի պազիլիքայի գետնադամբանին մէջ, (կառուցուած 1000 թուականի), ուր ուխտաւորները առիթը պիտի ունենան մօտէն ճանչնալու ժամանակակից նահատակներուն պատմութիւնները։

Բացման իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Կարդինալ Պլէզ Քուփիքը` Շիքակոյի Արքեպիսկոպոսը եւ Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի տիտղոսաւոր կարդինալ, Իտալիոյ Ներքին Նախարարութեան «պաշտամունքային շէնքերու հիմնադրամի» տնօրէն` Ֆապրիցիօ Կալլօ, Հռոմի թեմի Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը, Սուրբերու Դարի Վերատսեչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն եւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր Տիար Անտրէա Ռիքքարտի:

Հայ մարտիրոսներու մասունքները

Նշենք թէ Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցին յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար։ Նախ որովհետեւ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալը Թադէոս առաքեալի հետ միասին եղած է Հայ ազգին առաջին քարոզիչը, ապա երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը  եղած է այդ Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր Ծիրանաւորը, ապա որովհետեւ այնտեղ, ի շարս Ի դարու քրիստոնեայ նահատակներուն,  պահպանուած են նաեւ հայ նահատակներուն մասունքները, Տէյր էլ Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներուն մասունք մը եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին ձեռագրիր մէկ նամակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2023, 12:56