Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (17)
ԺԷ. Հաղորդում
Այսօրուան մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նկատմամբ ունեցած գնահատութեան:
Կարդինալ Աղաճանեան Հռոմ գտնուած միջոցին՝ Հռոմի հայկական գաղութին տուած մխիթարական այցելութիւններու նախօրէին՝ իր առաջին ձեռնարկութիւնը կ'ըլլայ այցելել Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Մայր Տունը: Հայ քոյրերը մեծ ուրախութեամբ կ'ընդունին Հոգեւոր Տէրը, որովհետեւ այդ օրերուն՝ մասնաւոր սփոփանքի կարիքն ունէին: Այս մխիթարիչ պահուն՝ Կարդինալը առ ի երախտագիտութիւն Հայ Քոյրերու եկեղեցանուէր և ազգանուէր գործունէութեան, հետեւեալ պատգամը կ'ուղղէ. «Մեծ մխիթարութիւն մը կը զգամ Անարատ Յղութեան Քոյրերով՝ որոնք ծածկուած կ'ապրին, բայց ի՜նչ բեղուն կեանք մը կ'անցնեն, անապատները ովասիսներ ընելով: Կը զգամ որ հայ ազգը լի է ընտիր ձիրքերով, գաղափարապաշտ է, յարատեւ, տոկուն, բայց անհրաժեշտ է անոր միութիւնը. ինչպէս որ Եղիշէի մէջ կը կարդանք. «Զուգութիւն՝ մայր բարեաց, անզուգութիւն՝ ծնող չարեաց»:
Հոգեւոր Տէրը Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հիմնարկութեան 100-ամեակի պատմական թուականին առթիւ՝ կը դրուատէ մեծամեծ արժանիքները Հայ Քոյրերուն, որոնց ներկայացնելով նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս՝ տիպար կրօնաւորական Աղքատութեան, Հնազանդութեան և Ողջախոհութեան, կը սրտապնդէ զանոնք յառաջանալու միշտ դէպի կատարելութիւն»: Այս առթիւ՝ իր «Օրհնութեան, շնորհաւորութեան ու մաղթանքի» թուղթին մէջ Հոգեւոր Տէրը անգամ մը եւս կը դրուատէ գաղափարը արտայայտելու իրենց Յիսուսանուէր սրտերու երախտագիտութիւնը առ Աստուած, առ Տիրամայրն Անարատ, Մայր Կուսութեանց, և աստուածառեալ հիմնադիր Հայրապետին (Հասունեան Պատրիարքին): Ապա ակնարկելով անոնց զոհաբերական կեանքին՝ կը ջատագովէ կուսակրօնութիւնը որ սնունդ կ'առնէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով, որ «ցորեան է երիտասարդաց և գինի անուշարար կուսից»:
Ուշագրաւ է թէ Կարդինալ Աղաճանեան ստէպ խոր գնահատանք կ'արտայտէ հայ քոյրերուն, որոնք կարողացած են զանազան վայրերու մէջ հայութեան կողքին՝ լարել իրենց խաղաղ տաղաւարները և ծաղկեցնել ընտիր ածուներ հայ մանուկներու դաստիարակութեան համար: Սոյն հաւաստումին իբր փաստ՝ կ'ընդգծէ թէ՝ «Հայ ընտանիքները փութացած են անվերապահ վստահութեամբ յանձնել ձեր խնամքին իրենց սրտի հատորները, և հայութիւնը ամէնուրեք գնահատած է ձեր թանկագին գործունէութիւնը և երախտապարտ է ձեզի»: Ի վերջոյ կցելով ջերմագին մաղթանքներ աղօթքի՝ կը հայցէ Աստուծմէ սիրելի Միաբանութեան անդրագոյն, արդիւնալից յոբելեաններ, և կու տայ իր Հայրապետական օրհնութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ