344024026_108501675569547_3095814434392525122_nAEM.jpg

Աթէնքի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նահատակներու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշակոթողի օրհնութիւն

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին առիթով, յոբելենական հանդիսութիւնները մեծ շուքով մեկնարկեցին Աթէնքի մէջ՝ Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշակոթողի օրհնութեամբ:
Հայոց նահատակներուն ի յիշատակ
Հայոց նահատակներուն ի յիշատակ

«Մոմեր վառեցինք, աղօթքներ բարձրացուցինք եւ մեր նահատակները յիշեցինք, վերահաստատելու համար՝ որ Յարութեան զաւակներն ենք», կ’ըսէ Հոգեւոր Տէրը

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին առիթով, յոբելենական հանդիսութիւնները մեծ շուքով մեկնարկեցին Աթէնքի մէջ՝ Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշակոթողի օրհնութեամբ:

Մեծ յուզմունքով ոգեկոչման խօսքեր արտասանուեցան Հայոց Նահատակներուն մասին, որոնց դատը երբեք չի ջնջուիր պատմութեան յիշողութենէն:

Յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւն
Յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւն

Այնուհետեւ, Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական ու ժողովրդային հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Աթէնքի եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչը, Յունաստանի Եպիսկոպոսաց խորհուրդի առաջնորդ հայրերը, քահանաներ, միաբան քոյրեր, պաշտօնական ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւն
Յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւն

Ապա՝ Աթէնքի շեփորախումբի նուագով եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտախումբին ընկերակցութեամբ, բոլոր ներկաները՝ եկեղեցական դրօշներէ եւ մոմերէ կազմուած թափօրով մը շրջեցան եւ երգեցին՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց»: Անոնք յետոյ ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ «Խանճեան» պարտէզը, ուր հնչեցին Յունաստանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որուն յաջորդեցին հայկական ժառանգութենէ ոգեշնչող պարային ներկայացումներ, ցոյց տալով մշակոյթին դերը՝ սիրոյ ու իրար հանդիպման պահ մը ստեղծելու մէջ: Յայտագիրը ճոխացուց նաեւ եկեղեցւոյ զաւակներէն մին, որ փունջ մը աւանդական երգերու կատարողութեամբ ցոյց տուաւ իր մեծ հաւատքն ու սէրը Եկեղեցւոյ հանդէպ:

Ապա, Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան ելոյթով մը ողջունեց ներկաները, երախտագիտութիւն յայտնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայութեան համար Եկեղեցւոյ զաւակներուն կողքին, հարիւրամեակի այս պահուն, որ պիտի կազմէ յոյսով լեցուն նոր ճանապարհային քարտէզ մը: Ան նաեւ վերյիշեց նահատակները եւ հաստատեց, որ անոնց դատը չի մեռնիր եւ երբեք պիտի չմեռնի, այլ հաստատ պիտի մնայ մտքերուն մէջ եւ պիտի յիշուի պատմութեան մէջ:

Յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւն
Յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւն

Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացումը կատարեց Ապրիլեան Նահատակներու յուշակոթողին, մասնակցութեամբ Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեանին եւ Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներէն՝ երիցագոյն անդամուհիին: Հոգեւոր Տէրը նաեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, վերահաստատելով թէ մենք՝ Լոյսի եւ Յարութեան զաւակներն ենք:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2023, 08:56