Յիսուսի վերջին ընթրիքը առաքեալներուն հետ Յիսուսի վերջին ընթրիքը առաքեալներուն հետ 

Եկեղեցական գիտելիքներ Գ. Շաբաթ յինանց - Կանաչ Կիրակի- (23 _30 Ապրիլ 2023)

Երկուշաբթի 24 Ապրիլին, աշխարհացրիւ հայերս կը յիշատակենք մեր բիւրաւոր նահատակները: Այդ առթիւ Ս. Պատարագ կը մատուցուի անոնց հոգւոյն հանգիստին համար, բայց նաեւ մեզի վերապրողներուս մխիթարութեան համար: Ո՞ր հայը մէկ կամ աւելի նահատակ չունի իր ընտանիքին մէջ: Այսօր աւելի քան ցաւ ու վիշտ յայտնելու մեր ժողովուրդի անհամար զաւակներու կորուստին համար, մենք կը փառաւորենք անոնց պանծալի յիշատակը բայց նաեւ կը պահանջենք որ համայն աշխարհ ընդունի անոնց զոհաբերման իրականութիւնը եւ խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ:
/content/dam/vaticannews/pam/audio/agenzie/netia/2023/04/24/10/--info-24-137038039.mp3

Կիրակի 23 ապրիլը՝  Կանաչ Կիրակին, ըստ հայկական ծէսին` Աշխարհամատրան կիրակին է։

Ի՞նչ իմաստ ունի այս բառը. Աշխարհամատուռ։ Աշխարհի մատուռը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` առաջին վայրը ուր Յիսուս, միացած` իր առաքեալներուն, կատարեց առաջին սուրբ Պատարագը։ Այս մատուռը այն վերնատունն է ուր աւագ հինգշաբթի օրը հաւաքուեցան, Քրիստոսի մահուան դատապարտութենէն մէկ օր առաջ, Յիսուս եւ իր առաքեալները, կատարելու համար Զատկուայ յիշատակութիւնը, որու ընթացքին հրեայ ժողովուրդը կը վերյիշէ այն բոլոր հրաշքները զոր Տէրը գործեց ազատելու համար իր ժողովուրդը Եգիպտացիներու ձեռքէն եւ զանոնք հասցնելու խոստացուած երկիր։

Աշխարհամատրան կիրակիի աւետարանը Նիկոդեմոսի աւետարանն է. Այսպէս կը կոչուի որովհետեւ Նիկոդեմոս անունով փարիսեցի մը, գիշերով եկաւ Յիսուսի մօտ, բացատրութիւն խնդրելու իր ուսուցած վարդապետութեան մասին։ Ան օր ցերեկով չհամարձակեցաւ գալու, որովհետեւ կը վախնար իր փարիսեցի ընկերներէն, որոնք Յիսուսը դատապարտած էին առանց նոյնիսկ զինք լսելու։ Այս աւետարանը կը կարդացուի հայ ծէսի մէջ` մկրտութեան ընթացքին, ուստի եւ կոչուած է նաեւ մկրտութեան աւետարան, որովհետեւ Քրիստոս կը բացատրէ Նիկոդեմոսի թէ Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու համար հարկ է վերստին ծնանիլ. Երբ փարիսեցին չի հասկնար այս խօսքերուն իմաստը, Յիսուս կ՛ըսէ թէ վերստին ծնունդը հոգեւոր է, ան կը կատարուի ջուրի միջոցաւ եւ Սուրբ Հոգւոյն տուչութեամբ։

Այս շաբթուայ ընթացքին եւս կը շարունակուին հետեւողական ընթերցումները Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Սաղմոսներուն, Առաքելական Գործոց  ընթերցումներուն եւ Յովհաննէսի աւետարանին։ Կիրակի օրուայ Ընթերցումը կը ներկայացնէ ուրիշ մէկ անձնաւորութիւն մը, որ Նիկոդեմոսի նման` մօտ է Քրիստոսի հաւատքին։ Սակայն այս անգամ ան հեթանոս մըն է, Հռովմէացի հարիւրապետ մը, Կուռնելիոս։ Հետաքրքրական է թէ նոյն կիրակին կը զուգադիպին այս երկու հանդիպումները, մին`փարիսեցիի մը, Քրիստոսի հետ, միւսը` հեթանոսի մը` Պետրոս առաքեալին հետ։ Տէրը ցոյց կու տայ Պետրոսի թէ արհամարհելու չէ հեթանոսներու հաւատքը, որովհետեւ անոնք ալ կոչուած են ստանալու փրկութիւնը, մկրտութեամբ եւ հաւատքովը Քրիստոսի վարդապետութեան։ Արդարեւ Կուռնելիոս դարձի կու գայ իր բոլոր ընտանիքով եւ, ջուրի մկրտութիւնն ստանալէ առաջ` արդէն կը ստանայ Աստուծմէ որպէս պարգեւ` Սուրբ Հոգին։ Յետագային երբ Պետրոս ինքզինք կ՛արդարացնէ Երուսաղէմի Ժողովին առջեւ, հեթանոսի մը մկրտութիւն տուած ըլլալուն համար, կ՛ըսէ. Ինչպէ՞ս կրնայի ես մերժել մկրտութիւնը ջուրով անձի մը որ արդէն ստացած էր Սուրբ Հոգին։ Կը պատմէ անշուշտ նաեւ իր տեսիլքը, ուր Աստուած կը հրամայէ իրեն երեք անգամ ուտել անսուրբ կենդանիներու միսը։

Երկուշաբթի 24 Ապրիլին, աշխարհացրիւ հայերս կը յիշատակենք մեր բիւրաւոր նահատակները:  Այդ առթիւ Ս. Պատարագ կը մատուցուի անոնց հոգւոյն հանգիստին համար, բայց նաեւ մեզի վերապրողներուս մխիթարութեան համար:  Ո՞ր հայը մէկ կամ աւելի նահատակ չունի իր ընտանիքին մէջ:  Այսօր աւելի քան ցաւ ու վիշտ յայտնելու մեր ժողովուրդի անհամար զաւակներու կորուստին համար, մենք կը փառաւորենք անոնց պանծալի յիշատակը բայց նաեւ կը պահանջենք որ համայն աշխարհ ընդունի անոնց զոհաբերման իրականութիւնը եւ խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ:   Ի՞նչ օգուտ է մեզի եթէ սգանք ու լանք մեր հայրերն ու մայրերը եթէ անոնց աճիւնները հանգիստ պիտի չգտնեն, համաշխարհային գիտակցութեան լոյսով: 

Կիրակի 30 ապրիլը՝ Յինանց Դ. Կիրակին, դեղին կիրակի է: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2023, 07:36