Սուրբ Ստեփանոս տաճար Սուրբ Ստեփանոս տաճար 

Քրիստոնէութիւնը Հունգարիոյ մէջ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հունգարիա առաքելական ճամբորդութեան ընդառաջ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հունգարիոյ մէջ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է «մագեարական» (հունգարացիներու նախահայր հանդիսացող ցեղախումբ) պետութեան պատմութեան եւ Երկրի հովանաւոր Սուրբ Ստեփանոսին (շուրջ 969 -1038) հետ։

Արփատիի մագեարներու արքայատոհմէն սերուած Սուրբը (սրբադասուած 1083ին)՝ 1000 թուականի 25 Դեկտեմբերին օծուելով «Առաքելական Թագաւոր» տիտղոսով, կազմակերպեց ոչ միայն իր ժողովրդի քաղաքական կեանքը՝ միաւորելով 39 գաւառները մէկ թագաւորութեան մէջ, այլեւ կրօնականը՝ ամուր կերպով դնելով քրիստոնէական ազգային մշակոյթի հիմքերը։ Սուրբ Ստեփանոսի օրօք կառուցուեցան տասնեակ վանքեր ու եկեղեցիներ, հիմնուեցան թեմեր,անոնց շարքին «Strigonio»-ն Հունգարիոյ ներկայիս արքեպիսկոպոսի և առաջնորդի նստավայրը: Անոր մահէն՝ 1038էն ետք Երկիրը ներգրաւուեցաւ իշխանութեան համար մղուած պատերազմի մէջ՝ կայսրութեան և պապերու միջև։ Սակայն Պետութիւնն ու Եկեղեցին համախմբուեցան, որն արդեն 14-րդ դարում համալրուեցաւ նոր թեմերով։

Բողոքական բարեփոխումներու ժամանակաշրջանին մագեարներու մեծամասնութիւնը լքեց կաթողիկէութիւնը։ Սակայն, երբ Հունգարիան ԺԸ դարին մաս կազմեց Հաբսբուրգներու կայսրութեան ՝ շնորհիւ վերջիններուս կողմէ ձեռք բերուած տարածքներուն մէջ միսիոնարներու գործունէութեան, շատերը կրկին վերադարձան կաթողիկէ հաւատքին։ Կաթողիկէ բարեփոխումներու մէջ հիմնական դերակատարը Յիսուսեան միաբանութեան կարդինալ Պետեր Փազմանին է (1570-1637)՝ հունգարական կաթողիկէ առաջին համալսարանի հիմնադիրը (այսօր Սլովաքիոյ մէջ )։

Սուրբ Աթոռի հետ Հունգարիոյ յարաբերութիւնները մինչեւ համայնավարութեան տարիներ

Սուրբ Աթոռը եւ Հունգարիան դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատած են 1920 թուականին՝ Աւստրո-հունգարական Կայսրութեան փլուզումէն ետքը։ Այդ յարաբերութիւնները, որոնք տեւած են մինչեւ 1945 թուական՝ Խորհրդային նուաճում, կը կարգաւորուէին երկու Պետութիւններու միջև միայն եպիսկոպոսներու և զինուորականներու նշանակման ընթացակարգերու վերաբերեալ «պարզ փոխ ըմբռնման յուշագիրով» (1927թ.):

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին յաջորդած խորհրդային նուաճումը սկիզբը դրաւ եկեղեցւոյ դէմ հալածանքներուն նաեւ Հունգարիոյ մէջ ։ Բազմաթիւ կաթողիկէ հոգեւորականներ բանտարկուեցան կամ սպաննուեցան, եկեղեցին օտարացուեցաւ, անոր պատկանող դպրոցները պետականացուեցան (1948), լուծարուեցան կրօնական կարգերը (1950): 1957ին Սուրբ Աթոռին արգելուեցաւ թեմերու կառավարումը, սակայն 1964ին վերականգնուեցաւ եպիսկոպոսներ նշանակելու իրաւունքը:

Համայնավար վարչակարգի դիմադրութեան առաջատարը Կարդինալ Ժոզեֆ Մինտսզենթին էր (1892 1975), որուն դէմ խորհրդային տարիներուն «պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան» շինծու մեղադրանք ներկայացուած էր։ 1956-ին, ութը տարի բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուելով, Կարդինալը քաղաքական ապաստան ստացած է Պուտապեշտի մէջ ամերիկեան դեսպանատանը։ Վատիկանի մէջ ապաստանելու հրաւէրը երկար տարիներ մերժած է՝ ընդունելով այն միայն 1971ին։ Մահացած է Վիեննայի մէջ 1975ին: 2019ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ Ժոզէֆ Մինտսզենթին Երանաշնորհ հռչակուեցաւ։

Յետ համայնավարական ժամանակաշրջան

Համայնավար​​ վարչակարգի աւարտը նշանաւորեց Հունգարիոյ Եկեղեցւոյ առանց սահմանափակումներու գործունէութիւնը, որ օրէնսդրական ուժ ստացաւ 1990 թուականին ընդունուած կրօնական ազատութեան մասին օրէնքով:

Նոյն թուականի 9 փետրուարին հունգարական կառավարութիւնը վերականգնեց դիւանագիտական ​​յարաբերութիւնները Սուրբ Աթոռի հետ։ 1994ին կնքուած են երկու կարեւոր համաձայնագրեր եւս, որոնցով մասնաւորապէս կը կարգաւորուին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող հանրային և զուտ կրօնական գործունէութիւնները։

Բացի այդ 1991ին Պուտապեշտի խորհրդարանը քուէարկեց նաև ի օգուտ պատերազմէն ետք բռնագրաւուած եկեղեցական ունեցուածքի վերադարձի մասին օրէնքի, իսկ 1992ին՝ եկեղեցիներուն պետական​​ ֆինանսաւորման մասին առաջարկի։ Ճիշտ այս համատեքստին մէջ տեղի ունեցան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի երկու առաքելական ճանապարհորդութիւնները դէպի Հունգարիա՝ 1991թ. օգոստոսի 16էն 20-ը և 1996թ. սեպտեմբերի 6էն 7-ը:

Յետ համայնավարական ​​դարաշրջանի առաջին կարեւոր իրադարձութիւններէն մին Հունգարիոյ կողմէ 2000-2001 թուականներուն քրիստոնէութեան ընդունման հազարամեակի տօնակատարութիւններն են։ Այդ առթիւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը 2001ի 25 Յուլիսին առաքելական նամակ յղած է հունգարացիներուն։ Եւ տասը տարի ետք 2021ի 12 Սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հունգարիան` Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 52րդ Գիտաժողովինի առիթով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2023, 08:44