«Մենք չենք կրնար մոռնալ մեր անցեալը, մեր պատմութիւնը». Արհ. Պօղոս Եպիս. Հաքիմեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի՝ 23 ապրիլ 2023ին, Արժանթինի մայրաքաղաք` Պուէնըս Այրէսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի Նարեկի Տիրամօր Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, նախագահութեամբ Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Գերապայծառ Պօղոս Հաքիմեանի, ընկերակցութեամբ Վարդան եպս. Պօղոսեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Վիրապեանի, ու մասնակցութեամբ զանազան հայկական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու։
Այս յիշարժան օրուան առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Պատարագիչ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ հայերու ջարդը տակաւին չէ վերջացած, եւ թէ հարկաւոր է միշտ միացած ըլլանք, առանց կորսնցնելու մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը, որովհետեւ, երբ մենք բաժնուած ենք, համայնքը կը պառակտի, բայց միութեան մէջ, մենք աւելի զօրեղ ենք ու անոր մէջ է, որ պիտի կայանայ մեր անկախութիւնը եւ մեր Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու վկայութիւնը։
«Մենք՝ որպէս քրիստոնեաներ, պէտք չէ վախնանք մահէն կամ հիւանդութենէն, մենք պէտք է վախնանք մեղքէն, և այդ մեղքը համընդհանուր դարձաւ մարդու մէջ, այնքան, որ օր մը գնաց և կանգ առաւ Թուրքիա կոչուող վայր, որտեղ ապրած են մեր ծնողներէն շատերը և որ պատմականօրէն եղած է հայկական տարածքի մասը» ըսաւ Գերապ. Հաքիմեան։
«Մենք՝ հայերս կը շարունակենք մեր պայքարը, և կը թուայ, թէ այս ծանր մեղքը դեռ կը շարունակուի հայ ազգին շրջապատող որոշ ժողովուրդներու սրտերուն մէջ» շարունակեց Ան, ընդգծելով, թէ «Հայ ժողովուրդը ընտրուած է Աստուծոյ կողմէ, և մեր ժողովուրդը իր կեանքը տուած է քրիստոնէական հաւատքին համար...»
Ակնարկելով ցեղասպանութեան նահատակներուն, Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը նշեց «Իմ հայրս որբ մնացած է Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով։ Իմ տատիկն ու պապիկը, որոնք ես չի ճանչցայ, բնաջնջուեցան 1915 թուականին, իսկ հայրս որբացաւ չորս տարեկանին՝ չիմանալով, թէ ուր երթալ եւ ինչ ընել»։ «Մենք պատրաստ ենք ներելու» աւելցուց Ան, «բայց կը պահանջենք նաեւ արդարութիւն»։
Սուրբ պատարագի աւարտին Ս. Վարդան Մխիթարեան սկաուտները ծաղկեփունջ մը զետեղեցին 1915 թուականի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ, որ կը պարունակէ Տէյր ըլ Զօրէն բերուած ոսկորներ եւ հայաստանէն ափ մը հող։
Յուշարձանի առջեւ, կատարուեցաւ ծաղկի մատաղ, ուր երգուեցան Արժանթինի պետական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգերը, աղօթք կատարուեցաւ այդ հալածանքներու ու բնաջնջման տարիները ապրած նահատակներուն համար եւ օրուան պատգամի մասին զեկոյց ունեցաւ Աննամարիա Պալեան։
Յիշատակի օրը իր աւարտին հասաւ տիկնանց միութեան պատրաստած մատաղի հիւրասիրութեամբ` Առաջնորդարանի սրահին մէջ, 150 հոգիներու ներկայութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ