Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքը
Շնորհալիի սիրակէզ հոգին չգոհացաւ «Բան Հաւատոյ» երկարաշունչ «սիրավէպ»ով, ուզեց անպայման Ս. Հոգիէն բորբոքած՝ հրդեհած սրտէն բոցկլտացող կայծերով բոցակիզել ամէնքը անխտիր, սիրոյ կրակի բովէն անցած մաքրամաքուր ոսկեղէն աղօթքներով, կարճ, դիպուկ եւ կուռ, խօսուն եւ մինչեւ սրտի խորքը խոցող եւ անմիջապէս զովացնող, ամոքող, բուժող եւ անմահական բալասանի նման վերականգնող եւ կենսագործող խնկաբոյր աղօթքով։ Իր հօտի հոգեւոր առողջութեամբ մտահոգ՝ օրուան իւրաքանչիւր ժամուն յարմար դեղահատը պատրաստելու ձեռնամուխ եղաւ, եւ հոգեսիրտ աղբիւրէն յորդառատ զեղումով ծնան 24 ադամանդակուռ տուներ, 24 անգին ակ, 24 մարգարիտ ու գոհար, որ կը պարունակեն քրիստոնեայի կարեւորագոյն հաւատալիքները, խնդիրները, կարիքները, իղձերը, արցունքն ու սէրը։ Եւ այսպէս ծնաւ «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը։
«Իր սիրտն այնքան վառ ու պայծառ էր, - կը գրէ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, - այնքան լցուած սուրբ գաղափարներով եւ իղձերով՝ որ կարծեմ թէ երբ մտածեց քրիստոնեայի յարմար աղօթք մը գրել՝ շուտով շարադրեց. գուցէ մէկ շունչով, մէկ օրուայ մէջ, առանց փնտռելու ուրիշ լոյս բացի ճշմարիտ լոյսէն՝ Քրիստոսէ»։
Աղօթքին կցուած յիշատակարանին մէջ Շնորհալի կը նշէ որ թէեւ պիտի փափաքէր որ հաւատացեալները մէկական տուն աղօթք բարձրացնէին ամէն ժամը մէկ, սակայն հասկնալով որ քիչերուն հնարաւոր պիտի ըլլար, կը յանձնարարէ որ այս աղօթքը օրական հինգ անգամ, կամ չորս եւ կամ երեք՝ առաւօտ, կէսօր եւ իրիկուն կատարեն, իսկ անկարելիութեան պարագային գոնէ անգամ մը ըսեն, կամ քանի մը տուն գոց սորվին եւ եկեղեցւոյ բոլոր օրական աղօթքներուն տեղ արտասանեն։ Ահա թէ որքան հովուական գուրգուրանքով տոչորուած էր իսկական հոգեւոր բարի հովիւը։
Հոս կ՚ուզեմ յիշել թէ ի՛նչպէս այս աղօթքը մինչեւ այսօր հաւատացեալ ժողովուրդի շուրթերուն է եւ շատ շատեր, ծեր թէ երիտասարդ, կը շարունակեն ոչ միայն արտասանել, այլ սրբալոյս հայրապետի խօսքերը իւրացնելով, իր յանձնարարածի նման՝ այս խնկաբոյր աղօթքը՝ առ Աստուած կը բարձրացնեն սրտի խորքէն, իւրովի, անձամբ յօրինածի թարմութեամբ։
Շատեր սովորութիւն ըրած են կարեւոր քննութենէ առաջ մտքի բացութիւն խնդրելու համար՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս»ը արտասանել, կամ ճամբորդութենէն առաջ աղօթելու համապատասխան «Պահապան ամենայնի»ն տունը, եւ կամ չար սատանայի ազդեցութենէն ազատելու համար՝ «Խնամող արարածոց»ը, զղջման համար՝ «Դարձուցիչ մոլորելոց»ը, իսկ «Աղբիւր անմահութեան»ը՝ գործած մեղքերու վրայ լալու համար, մահուան լաւագոյն կերպով պատրաստ գտնուելու համար՝ «Պարգեւիչ ողորմութեան»ը, հոգին խաղաղութեամբ աւանդելու համար՝ «Բարերար Տէր»ը, արժանի ըլլալու համար Քրիստոսի լոյսը տեսնելու՝ «Լոյս ճշմարիտ Քրիստոս»ը, վերջին դատաստանին չդատապարտուելու համար՝ «Դատաւոր արդար»ը, բոլոր սիրելիները Աստուծոյ բարեխնամ հոգատարութեան յանձնելու համար՝ «Ամենախնամ Տէր»ը, եւ ի վերջոյ, որպէսզի Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ կատարէ մեր խնդրանքները՝ «Փառաւորեալ Տէր» սկզբնաւորութեամբ տունը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ